ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովին Առիթով
- (0)

ՀՅ Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ 26 փետրուարէն 6 մարտ երկարող ինը օրերու ընթացքին: Ժողովին մասնակցեցան երեսուն երկիրներէ եկած պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալ պատասխանատուներ: Ուսանողական միութիւններու կարգին, որոնք Ընդհանուր ժողովին կը մասնակցին իրաւասու ձայնով, նախորդ 34-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշումով խորհրդակցական ձայնով մասնակցեցան ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններէն ներկայացուցիչներ: 35-րդ Ընդհանուր ժողովը աննախընթաց էր երիտասարդներու եւ իգական սեռի մասնակիցներու ստուար թիւերուն առումով:
Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովները կը հանդիսանան կուսակցութեան բարձրագոյն հեղինակութիւն ունեցող հաւաքները: Իւրաքանչիւր Ընդհանուր ժողով կ՛որոշէ յաջորդ Ընդհանուր ժողովի ժամանակը: Սովորութեան կարգ անցած է չորս տարին անգամ մը գումարել Ընդհանուր ժողով, սակայն դէպքերու եւ իրողութիւններու պարտադրանքով կրնայ այդ ժամանակահատուածը կրճատուիլ: Այսպէս, վերջին երկու Ընդհանուր ժողովները գումարուած են նախորդէն երեք տարի ետք:
Ընդհանուր ժողովները առաջին հերթին կը քննեն եւ կը գնահատեն նախորդող շրջանի ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, կուսակցութեան կազմակերպական շրջաններու (կեդրոնական եւ առանձնակի կոմիտէներու) գործունէութիւնը: Ժողովին գաղտնի բնոյթը կը բացատրուի անով, որ գործող մարմիններու գործունէութիւնը կ՛ենթարկուի խիստ ու անզիջող քննադատութեան. այդ քննարկումներուն հրապարակումը կրնայ առիթ ընծայել սխալ մեկնաբանութիւններու եւ անբարեացակամ տեսակէտներու արտայայտման:
Գնահատելէ ետք գործող մարմիններու եւ առաջին հերթին` շրջանաւարտ Բիւրոյի գործունէութիւնը, գնահատանք, որ շուտով կը փոխանցուի կուսակցական շարքերուն, Ընդհանուր ժողովը կը քննէ ու կը հաստատէ յառաջիկայ շրջանի ուղեգիծը: Ուղեգիծին մաս կը կազմեն քաղաքական ուղղութեան, Հայ դատի հետապնդման, ներազգային խնդիրներու, երիտասարդութեան դերակատարութեան եւ կուսակցական կառոյցի կազմակերպական հարցեր: Իւրաքանչիւր ասպարէզի մասին կատարուած քննարկումները կ՛եզրափակուին որոշումներու կայացմամբ. որոշումներու բանաձեւումները եւս կը փոխանցուին կուսակցական շարքերուն:
Ընդհանուր ժողովի բոլոր բանաձեւումները կարեւոր են, որովհետեւ կը նախանշեն այլազան մարզերու մէջ կուսակցութեան հետագայ գործունէութիւնը: Այդ որոշումները ռազմավարական բնոյթ ունին, ընդհանրական են եւ պարտադիր` Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն եւ բոլոր անդամներուն համար: ՀՅ Դաշնակցութեան որդեգրած կազմակերպական ապակեդրոնացումը թոյլ կու տայ կազմակերպական շրջաններուն որդեգրելու, իրենց պայմաններուն համապատասխանող որոշումներու գործադրութեան եղանակը, այսինքն` մարտավարութիւնը: Այս ձեւով, տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր պայմաններով գործող դաշնակցական միաւորները կը գործադրեն Ընդհանուր ժողովի որոշումները, իրենց համար յատուկ եղանակով: Դաշնակցութեան գործունէութեան ներդաշնակութեան կը հսկէ Ընդհանուր ժողովի կողմէ ընտրուած ՀՅԴ Բիւրոն:
ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի կարեւորագոյն որոշումները կը վերաբերին վարուող քաղաքականութեան, ուրիշ խօսքով` քաղաքական ռազմավարութեան: Քաղաքական ռազմավարութեան հիմքը ՀՅԴ Ծրագիրն է: Ծրագիրի գործադրութիւնը կարելի դարձնելու համար անհրաժեշտ է ուսումնասիրել աշխարհաքաղաքական ու ներազգային զարգացումները ու անոնց նկատառումով կեդրոնանալ առաջնահերթութիւններու վրայ եւ ճշդել իրագործելի թիրախները: Ասիկա կ՛այժմէականացնէ Ծրագիրը եւ իրապաշտ գործունէութեան մը կարելիութիւն կ՛ընծայէ:
Ընդհանուր ժողովի աւարտին խմբագրուած յայտարարութիւնը, որ հրապարակուած է մամուլին մէջ, ընդհանուր գիծերու մէջ կ՛ամփոփէ ժողովին կողմէ որդեգրուած ռազմավարութիւնը: Գլխաւոր կէտերը կը վերաբերին հայոց անկախ պետականութեան հզօրացման, Արցախի ազատագրման շուրջ համազգային համախմբումին, հայոց բանակի հզօրացման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերատեսման եւ սփիւռքի կազմակերպական հզօրացման:
Կ՛ուզեմ յատուկ կերպով անդրադառնալ վերջին կէտին` սփիւռքի կազմակերպական հզօրացման: Արցախեան շարժման յառաջացումէն ու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք այն տպաւորութիւնը յառաջացաւ, որ կազմակերպուած ու կենսունակ սփիւռքը երկրորդական նշանակութիւն ստացած է: Հայ ժողովուրդի աւելի քան երկու երրորդը կ՛ապրի հայրենիքէն դուրս: Այդ մեծածաւալ զանգուածին քաղաքականացումը, անոր եկեղեցական քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական կառոյցներուն կենսունակութիւնը ոչ միայն ազգապահպան նշանակութիւն ունի, այլեւ կարեւոր է իբրեւ նեցուկ ու ապաւէն Հայաստանի Հանրապետութեան: Կազմակերպուած ու կենսունակ սփիւռքը, հայութեան ազգային ձգտումներուն կեդրոնը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան համար ունի կարեւոր ու անփոխարինելի նշանակութիւն: Պէտք է զօրացնել սփիւռքը:
ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքներու աւարտին ընտրեց տասնմէկ հոգիներէ բաղկացած Բիւրօ: Յառաջիկայ չորս տարիներուն Բիւրոն պիտի գործադրէ, շրջանային մարմիններու օժանդակութեամբ, Ընդհանուր ժողովի որոշումները: Յաջողութիւն մաղթենք նորընտիր Բիւրոյին, որուն ուսերուն դրուած է ծանր ու պատասխանատու պարտականութիւն:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ