ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Պատգամաւորները Այցելեցին Եռաբլուր Պանթէոն
1152
0
28 փետրուարին Երեւանի մէջ սկիզբ կ՛առնէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովը:
Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ընկերներուն առաջնորդութեամբ, ժողովի բացման նախօրեակին այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն եւ ծաղիկներ խոնարհեցին հայոց ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն:
Սօսէ մայրիկի գերեզմանին մօտ Սամուէլ Երանեան երգեց Սօսէի երգը: Անոր ձայնակցեցան ՀՅԴ-ի անդամները:
Ընդհանուր ժողովը, որ ՀՅԴ համազգային կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, կը գումարուի 4 տարին մէկ անգամ: 34-րդ Ընդհանուր ժողովը առաջինն է արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, պիտի տեւէ մինչեւ 8 մարտ 2022: