ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովի Հաղորդագրութիւն
14 նոյեմբեր 2022-ին Պէյրութի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը հրաւիրող ՀՅԴ բարձրագոյն մարմինէն բացի, ժողովին կը մասնակցէին` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հայ օգնութեան միութեան, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչը:
Օրակարգային հարցերու քննարկումէն առաջ ուղեկից միութիւններուն կողմէ ներկայացուեցան ընդհանուր զեկոյցներ` կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի գործունէութեան վերաբերեալ:
Խորհրդաժողովի քննարկումներուն առանցքային հարցերէն մէկը դարձաւ երիտասարդութեան թեման: Ներկաները կարեւոր նկատեցին երիտասարդութեան ներգրաւումը պատասխանատու աշխատանքներու մէջ` իբրեւ կարեւոր պայման միութիւններու գործունէութեան նոր աւիշ հաղորդելու, ազգային ապագայի համար գործիչներու նոր սերունդի կայացման համար:
Կարեւոր նկատուեցաւ միութիւններու գործունէութեան ձեւերուն եւ մեթոտներուն արդիականացման խնդիրը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ ոչ միայն քայլ պահելու եւ լսելի ըլլալու, այլ նաեւ հայրենակիցները հետապնդուած նպատակներու գիտակցութեամբ վարակելու համար:
Հիմնական սեպուեցաւ քարոզչական մեթոտներու եւ աշխատանքներու արդիականացումն ու կատարելագործումը, առանց որոնց, ոչ միայն կարելի չէ հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնել իրականացուող աշխատանքները, այլ նաեւ` զանոնք արդիւնաւէտօրէն ծառայեցնել ազգային նպատակներուն:
Խորհրդաժողովը շեշտեց միութիւններու աշխատանքներու համադրման անհրաժեշտութիւնը` բազմաթիւ ազգանպաստ նախաձեռնութիւններու ծրագրման եւ իրականացման նպատակով:
Խորհրդաժողովի քննարկումներուն մէջէն կարմիր թելի պէս կ՛անցնէր հայոց զոյգ պետութիւններուն ներկայ վիճակէն բխող կատարուելիք աշխատանքներու հարցը: Ժողովականները համոզուած էին, որ այսօրուան տագնապալի իրողութիւնները ոչ թէ կրաւորականութեան պէտք է մատնեն, այլ պէտք է մղեն առաւել եռանդուն գործունէութեան` այն գիտակցութեամբ, որ իբրեւ ուրոյն ճակատի զինուորներ` Դաշնակցութեան միութիւններն ու միութենականները ունին կարեւոր առաքելութիւն:
Ըստ քննարկումներուն, որդեգրուած նպատակի եւ գործի ուղիով պէտք է հետապնդել ազգային առողջ ուժերու համախմբումը, ինչ որ միայն կրնայ լաւագոյն գրաւականը հանդիսանալ ազգային եւ պետական ճգնաժամերը յաղթահարելու ճամբուն վրայ:
Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, որ ազգային մշակոյթը, կրթութիւնն ու բարեսիրութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային գործի մէջ ներգրաւուած գիտակից ու հայրենանուէր երիտասարդութեան առկայութիւնը լաւագոյն միջոց են, որոնք ամէն տեսակի բաժանարարները վերացնելով` կրնան ծառայել ազգի համախմբման եւ ազգային ինքնագիտակցութեան արթնացման գործին:
Անգամ մը եւս արժեւորելով կատարուած աշխատանքը` խորհրդաժողովը վերահաստատեց Դաշնակցութեան ուղեկից միութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնը անվարան շարունակելու, հայութեան անժամանցելի տեսլականներուն նոր թափով եւ անսակարկ ծառայելու յանձնառութիւնը:
ՀՅԴ ՈՒՂԵԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
14. 11. 2022