ՀՅԴ-ն կը մասնակցի 2026-ի ԱԺ ընտրութիւններուն՝ դաշինքային ձեւաչափով

Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան այսօր յայտնեց, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը որոշած է մասնակցիլ 2026 թուականի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն՝ նախապատուութիւն տալով դաշինքային ձեւաչափին։

Համաձայն ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն ժողովի յայտարարութեան, որոշուած է լիազորել ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը՝ վարելու աշխոյժ նախընտրական բանակցութիւններ՝ հաւանական դաշինքի ձեւաչափին վերաբերեալ, ապահովելով ՀՅԴ-ի նշանակալի դերակատարութիւնը եւ մօտեցումներու արտացոլումը կարեւորագոյն հարցերու մէջ։

Ասուլիսի ընթացքին Սաղաթէլեան հաստատեց, որ պիտի սկսին քննարկումներ՝ դաշինքի վերջնական ձեւաչափը ճշդելու ուղղութեամբ։

«Բնականաբար, արժեւորելով գործող «Հայաստան» դաշինքի գործունէութիւնը, առաջնահերթ քննարկումները պիտի սկսինք մեր գործընկերներուն հետ։ Մեր տրամադրուածութիւնը հետեւեալն է․ ունինք ցանկութիւն, ունինք կարելիութիւն, եւ ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ յաւակնութիւն՝ դաշինքը պահպանելու, ընդլայնելու եւ աւելի ազդեցիկ միաւոր մը դարձնելու»,– ըսած է Սաղաթէլեան։

Այն հարցումին, թէ ո՞վ պիտի գլխաւորէ դաշինքը եւ արդեօք այդ դերը պիտի ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան, Սաղաթէլեան պատասխանած է․ «Այդ մասին որոշում չկայ։ ՀՅԴ-ն որոշած է մասնակցիլ, եւ որոշած է մասնակցիլ դաշինքային ձեւաչափով։ Այժմ պէտք է տեղի ունենան քննարկումներ, խորհրդակցութիւններ եւ բանակցութիւններ, որպէսզի եզրակացութեան յանգինք։ Այս բոլոր հարցերուն վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի ընդունուի քննարկումներու եւ բանակցութիւններու արդիւնքով»։ Սաղաթէլեան նաեւ չէ բացառած քաղաքական այլ՝ առողջ եւ լուրջ ուժերու հետ համագործակցութինը։

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են 2026 թուականի յունիսին։