ՀՅԴ Հայ Դատի առաքելութեան համար Գանատայի արեւմտեան շրջանին մէջ գոյացաւ 120 հազար տոլար
ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի եւ Գանատայի Հայ Դատի արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2022ի երեկոյեան ժամը 7ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահէն նէրս տեղի ունեցաւ «Յանուն Հայրենիքի եւ Հայ Դատ»ի խորագրեալ հաւաքը, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Ռաֆֆի Տօնապետեանի ներկայութեամբ:
Երեկոյի հանդիսավարն էր ընկհ. Մեղիրկ Չափանեան: Նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգուեցաւ յիշատակը պարտականութեան ճամբուն վրայ նահատակուած հայ զինուորներուն, ապա երեկոն սկիզբ առաւ Գանատայի եւ Հայաստանի զոյգ օրհներգներով, ջութակի նուագակցութեամբ Արայիկ Չաբանեանի եւ դաշնամուրի կատարողութեամբ Վարագ Տէր Յակոբեանի:
Հանդիսավար Չափանեան իր բացման խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած նոր դժուարութիւններուն եւ ցեղասպանական նոր սպառնալիքի մը եզրին գտնուելու վտանգին մասին, որուն առաջքը առնելու միակ միջոցը համընդհանուր ուժերով պայքարն է։ Ապա ընկերուհին հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը՝ ներկայացնելու օրուան պատգամը:
Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդհանուր ակնարկով մը անդրադարձաւ Հ.Յ.Դաշնակութեան համաշխարհային գետնի վրայ ծաւալած Հայ Դատի հսկայ աշխատանքին: Ապա բացայայտեց նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին Հայատանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած մտահոգիչ իրադարձութիւնները: Ան շեշտեց, որ գործող իշխանութեան անպատասխանատու քայլերուն պատճառով, Հայաստանն ու Արցախը, որոնք տասնամեակներ անսասան կը դիմակայէին թշնամիի սպառնալիքներուն, այսօր ազգակործան զիջումներու դէմ յանդիման կը գտնուին։
Ան խօսեցաւ նաեւ ներկայ իշխանութեանց ձախողութիւններուն պատճառած ռազմահոգեբանական ընկճուածութեան մասին, որուն պատճառով այսօր մեր քաջարի բանակը կը տուժէ: Այս բոլորը հետեւանքն էին ապիկար իշխանութեան բանակը տկարացնելու միտումնաւոր քաղաքականութեան: Ան շեշտեց նաեւ այն իրողութիւնը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ թուրք-ատրպէյճանական համաթուրանական ծրագիրները այսօր լուրջ սպառնալիք են Հայաստանի եւ արցախահայութեան անվտանգութեան եւ գոյութեան։
Բիւրոյի ներկայացուցիչի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, երաժիշտ ու երգահան Արմէն Մարտիրոսեան, որ հանդէս եկաւ իր ստեղծագործութիւններէն հանրածանօթ քանի մը կտորներով:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Ռաֆֆի Տօնապետեան, որ զեկուցեց Հայ Դատի կազմակերպական աշխատանքներուն մասին եւ ներկայացուց վերջին շրջանին իրագործուած բողոքի զօրակցական աշխատանքները զանազան շրջաններու մէջ:
Երեկոյի աւարտին հարց ու պատասխանի առիթ տրուեցաւ, որոնց պատասխանեց ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։
Օրուան յայտագիրը փակեց Վանգուվըրի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, որ դրուատեց Հայ Դատի գծով Դաշնակցութեան տարած աշխատանքը։
«Յանուն Հայրենիքի եւ Հայ Դատ»ի խորագրեալ հանդիսութեան ընթացքին Հայ Դատի աշխատանքներուն համար եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնցմէ գոյացած գումարը հասաւ 120 հազար տոլարի։