ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Խոստման Արարողութիւն` Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Շիրիմին Մօտ

13 Հոկտեմբերին, ՀՅԴի անդամ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի շիրիմին մօտ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամակցող երիտասարդներու խոստման արարողութիւնը: Այս մասին գրուած է «ՀՅԴ Հայաստան»ի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ:

«Մէկ տասնեակից աւելի երիտասարդներ, անցնելով օժանդակ շրջան, ծանօթանալով ՀՅԴ պատմութեանը եւ գործունէութեանը` մասնակցել են խոստման արարողութեանը եւ անդամակցել ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեանը: Բարի գալուստ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիք, սիրելի՛ ընկերներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ գրութեան մէջ:

Comments are closed.