ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի հետ
5654
0
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Գանատայի մէջ կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին, նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի հետ:
Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչին կ’ընկերակցէր ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ին, Գանատահայոց Ազգային Առաջնորդարանէն ներս: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին յուզող շարք մը հարցեր։