ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան այցելեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան
6429
0
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով Գանատա ժամանած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան այցելեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի:
Այցելութեան ընթացքին Սաղաթէլեան ծանօթացաւ դպրոցին բաժանմունքներուն, հայ լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան դասաւանդութեան ընթացքին եւ ծրագրին, ինչպէս նաեւ դպրոցական ու արտադպրոցական միջոցառումներուն, ապա հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ, որոնց հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց: Ապա հանդիպեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեանի հետ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական մեծագոյն դպրոցը համարուող Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի տոմարին մէջ արձանագրեց իր տպաւորութիւնները: