ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներն ու «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելեցին Եռաբլուր

Հայոց բանակի կազմաւորման 34-րդ տարեդարձին առիթով, այսօր՝ յունուար 28-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներն ու «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելեցին Եռաբլուրի պանթէոնը։

Անոնք ծաղիկներ խոնարհեցին Եռաբլուրին մէջ՝ ի յիշատակ նահատակ հայորդիներուն, որոնք անմնացորդ նուիրուեցան հայրենիքի ազատագրութեան պայքարին։

«Հակառակորդը կը խօսի խաղաղութեան մասին, սակայն ամէն օր կը կազմաւորէ յատուկ նշանակութեան նոր ստորաբաժանումներ ու զօրամասեր, մինչ Հայաստանը՝ նոր յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու եւ կառոյցներու փոխարէն, կը կազմաւորէ ոստիկանական ստորաբաժանումներ»,– լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան։

Անդրադառնալով բանակի օրուան նշանակութեան՝ Սէյրան Օհանեան նշեց. «Կը շնորհաւորեմ մեր ժողովուրդը հայկական բանակի կազմաւորման առիթով։ Ի հարկէ, այսօր տօնակատարութիւնները չեն նշուիր այն մեծ շուքով ու տրամադրութեամբ, ինչպէս նախկինին կը նշէինք, որովհետեւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին պարտութիւն կրեցինք, ապա արձանագրուեցան բազմաթիւ անյաջողութիւններ, կորսնցուցինք Արցախը։ Սակայն, այնուամենայնիւ, կը կարծեմ, որ հայկական բանակը այն կառոյցն է, որ պատշաճ ուշադրութեան պայմաններուն մէջ առաջինը կրնայ շտկել իր ողնաշարը եւ վերականգնուիլ։ Մեր ժողովուրդը կը սպասէ, որ հայկական բանակը ըլլայ իր անվտանգութեան երաշխաւորը․ բանակը իւրաքանչիւր պետութեան ռազմական հզօրութեան առանցքն է»։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանն ալ իր հերթին ըսաւ. «Համոզուած եմ, որ մեր նորանկախ պատմութեան ամենամեծ ձեռքբերումը Հայոց բանակն է։ Անկախ անկէ, թէ ինչ վիճակի մէջ կը գտնուինք եւ ինչ հոգեբանական դրութեան մէջ ենք, այս օրը տօն է, կարեւորագոյն տօն է, եւ այս առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորս։ Մենք պետութիւն ստեղծեցինք, որպէսզի ապահով ըլլանք, իսկ այդ ապահովութեան ամէնէն կարեւոր ու հիմնական հենասիւնը մեր բանակն է»։