ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն 11 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն` «Սողոմոն Թեհլիրեան Սերունդ» Անուանակոչուելով
15 մարտը հայ ազգային-ազատագրական պայքարի տարեգրութեան մէջ լուսաւոր է: Այդ օր, 103 տարի առաջ, հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեան Պերլինի մէջ զգետնեց Հայոց ցեղասպանութեան թիւ մէկ յանցագործ Թալէաթ փաշան:
Այս առիթով երէկ` ուրբաթ, 15 մարտին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան 11 անդամներու երդման արարողութիւնը եւ մուտքը ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիք:
Երդման արարողութեան կնքահայր Երուանդ Փամպուքեան ողջունեց նորագիրներուն գիտակից որոշումը միանալու ՀՅԴ շարքերուն: Փամպուքեան անդրադարձաւ ներկայիս աշխարհը յուզող համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրին, որ թիրախ կը դարձնէ գաղափարականութիւնը` նշելով, որ նորագիրները մուտք կը գործեն հիմնովին գաղափարական եւ մարտական կազմակերպութեան մէջ, որ ներկայիս ալ տիրական է հայ իրականութեան մէջ: ՀՅԴ-ի մէջ մարտականութիւնը եւ մտաւորականութիւնը իրարու հետ դաշինք կնքած են: Այս դաշինքին հիման վրայ է, որ դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ մարտական պայքարի դաշտ նետուած են, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործողները զգետնած արդարահատոյց վրիժառուները:
Ապա 11 նորագիրները կատարեցին դաշնակցականի իրենց երդումը: Մեկնելով օրուան խորհուրդէն` Երուանդ Փամպուքեան դաշնակցական նորագիրներու այս խումբը կնքեց «Սողոմոն Թեհլիրեան սերունդ» անունով:
Comments are closed.