ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը Կը Մերժէ Տարածքային Որեւէ Զիջում` Ենթադրեալ Անվտանգութեան Դիմաց
Շաբաթ, 22 փետրուարին սկիզբ առաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական միութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովը: Պաշտօնական բաժինի մասնակցած են ոչ միայն դաշնակցականներ, այլ նաեւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու երիտասարդ ներկայացուցիչներ:
«Դաշնակցութեան յարատեւութեան գաղտնիքը պայմանաւորուած է անով, որ Դաշնակցութիւնը իր մէջ եւ իր կողքին միշտ ունեցած է հայրենասէր, կազմակերպուած, գաղափարական երիտասարդութիւն, եւ իւրաքանչիւր սերունդ նոր կեանք, նոր շունչ տուած է կուսակցութեան ծրագիրներուն», ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովի մեկնարկին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան պատմական ակնարկով ներկայացուց, թէ ՀՅԴ երիտասարդութիւնը ինչպիսի մասնակցութիւն ունեցած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործընթացներուն մէջ:
Իշխան Սաղաթէլեանի համաձայն, այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ անհրաժեշտ է Հայաստանի մէջ ունենալ իր ազգային ինքնութիւնը, մշակոյթը խորապէս գիտակցող եւ կարեւորող երիտասարդութիւն` ազգային գաղափարախօսութեան տէր, քաղաքականացած երիտասարդութիւն. «Երբեք պայման չէ կուսակցական պատկանելիութիւնը, կարեւորը` տեսակէտ, գաղափար, դիրքորոշում ունեցող երիտասարդութիւն ունենալն է: Մենք կրնանք մեր գաղափարները չկիսողներու, մեր գաղափարները չընդունողներու հետ խօսիլ, գործակցիլ, բայց ամէնէն վատը անտարբեր երիտասարդութիւնն է, ամէնէն վատը այն երիտասարդութիւնն է, որ չունի դիրքորոշում, կեցուածք, մտահոգութիւն իր երկրին, ժողովուրդի ապագային եւ ներկային նկատմամբ», շեշտեց ան:
ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեան ըսաւ. «ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները, եւ յատկապէս Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը` մերժելով եւ պայքարելով հանդերձ այսօրուան ներքաղաքական իրավիճակը յատկանշող անընդունելի երեւոյթներու դէմ, ազգային գործունէութեան հետ մէկտեղ կը շեշտադրեն եւ պիտի շարունակեն յաւելեալ թափով իրականացնել ընկերվարական բնոյթի ծրագիրները, ընկերային արդարութեան, բնապահպանութեան եւ այլ ընկերային-տնտեսական բնոյթի կառուցողական նախաձեռնութիւնները»:
Տէր Գէորգեան` անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման, ըսաւ. «Այժմ մտահոգութիւններ կան Ղարաբաղեան տագնապին շուրջ զարգացումներու առնչութեամբ: ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կը մերժէ տարածքային որեւէ զիջում` ենթադրեալ անվտանգութեան դիմաց եւ իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ ղարաբաղեան տագնապի բոլոր մարզերուն»:
ՀՅԴ-ի համար առանցքային պիտի մնան Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի անվտանգութեան առնչուող հարցերը: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ժողովին երիտասարդները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը` համահարթ եկամտահարկի դէմ պայքարը, «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» օրէնքի նախագիծի դէմ պայքարը եւ այլն, յիշեցուցին` ամէն տարի Ապրիլ 24-ին կը կազմակերպեն ջահերով երթը:
Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ Հայկ Մամիջանեան, որ նշեց, թէ անկախ գաղափարական հակասութիւններէն, մեր երկրին մէջ քաղաքական ուժերը մէկ ընդհանրութիւն ունին` ազգային դիմագիծի պահպանում, ազգային արժէքներու արժեւորում:
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Արգիշտի Գէորգեան ըսաւ` թէեւ կուսակցութիւններն ու գաղափարախօսութիւնները տարբեր են, բայց բոլորին նպատակն է տեսնել ազատ, անկախ, յառաջադէմ, հզօր, նաեւ միացեալ Հայաստան:
«Մենք բոլորս երիտասարդներ ենք` լեցուած մեծ նպատակներով եւ զանոնք իրագործելու վճռականութեամբ: Կը նշանակէ` տեղ մը բոլորիս շահերը կը համընկնին, ունինք գործելու ընդհանուր դաշտ», ըսաւ Արգիշտի Գէորգեան: