ՀՅԴ Երիտասարդները Ընտրակաշառքէն Հրաժարելու Կոչ Կ՛ընեն Ընտրողներուն
4008
0
«Երկիրմեդիա».- Նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան երիտասարդները Երկուշաբթի, 20 Մարտին Երեւանի փողոցներուն վրայ ուսանողական միութեան «Նոր սերունդ, արդար Հայաստան» կարգախօսով նախընտրական գրքոյկներ բաժնեցին:
Դաշնակցական ուսանողները քաղաքացիներուն յորդորեցին հրաժարիլ ընտրակաշառքէն եւ քուէարկել յանուն արդար Հայաստանի:
Դաշնակցական երիտասարդները համոզուած են, որ մրցունակ կրթութիւնն է արդար երկիրի, զարգացող հասարակութեան գրաւականը: Քաղաքական պատասխանատուութիւն կրելով կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի համար՝ Դաշնակցութիւնը, ի դէմս իր ուսանողական միութեան, նախանձախնդիր է առկայ խնդիրները վեր հանելու եւ զանոնք լուծելու ուղղութեամբ: