ՀՅԴ Երիտասարդականը Տիգրանակերտ՝ ԺԺԿ-ի (HDP) Երիտասարդականի համաժողովին
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններու պատուիրակութիւնը 26 դեկտեմբեր 2021-ին ներկայ գտնուեցաւ, Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) Երիտասարդական կազմակերպութեան երրորդ համաժողովին:
Պատուիրակութեան բաղկացած էր Հայաստանի ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միություն-եան անդամներէն՝ Տիգրան Չանտոյեան եւ Գէորգ Ղազլեան:
Համաժողովին ՀՅԴ Երիտասարդականին խօսքը փոխանցեցուեցաւ քրտերէն լեզուով: Ողջունելէ ետք մասնակիցները, ՀՅԴ պատուիրակութեան ներկայացուցիչը խստիւ քննադատեց թուրքիոյ ապակայունացնող եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը, ան նաև նշեց՝ «Թուրքիան իր անթաքոյց յարձակողականութեամբ և անկէ բխող գործունէութեամբ կը շարունակէ ապակայունացնել տարածաշրջանային խաղաղութեան գործընթացները, և ասոր վառ ապացոյցը մենք տեսանք 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին»:
Եզրափակելով իր խօսքը ընկերը յաջողութիւն մաղթեց համաժողովի աշխատանքներուն և յոյս յայտնեց, որ հետագային աւելի սերտ համագործակցութիւն ստեղծուի տարածաշրջանին առանձնահատուկ համընդհանուր խնդիրներու կարգավորման շուրջ, հանուն ազգային իրաւունքներուն, իրական ժողովրդավարութեան արմատաւորման և համամարդկային արժէքներու:
Նշենք նաև թէ բացումի նիստին, խօսք առին ԺԺԿ-ի համանախագահ Միտհադ Սանչար եւ Ժողովրդավար Շրջաններու Կուսակցութեան համանախագահ (DBP) Սալիհա Այտեմիզ:
Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաև ժողովին մասնակից երիտասարդական կազմակերպութիւններու և քաղաքական անձնաւորութիւներու հետ որոնցմէ թրքական խորհրդարանի Մարտին քաղաքի պատգամաւոր Էպրու Կիւնէյ:
Յ.Գ. Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Թուրքիայի խորհրդարանի մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ ճանչցած ր Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ան հիմնադրուած է 2008 թ. և դիտորդի կարգավիճակով կ’անդամակցի Ընկերվար-Միջազգայնականին (Socialist-Internatioanal)։