ՀՅԴ ԳՊՄ «Մի բուռն եմ քո հողի» համագանատական սեմինար-բանակում
- (0)

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան «Մի բուռն եմ քո հողի» կարգախօսով համագանատական սեմինար-բանակումը տեղի ունեցաւ 10-13 հոկտեմբեր 2025-ին, Քրիսթի Լէյք բանակավայրին մէջ, Օթթաուա, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Մոնթրէալէն եւ Լաւալէն 150 պատանիներու եւ 36 վարիչ-պատասխանատուներու:
Սեմինար-բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ առաւօտեան, դրօշակի արարողութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի երգեցողութեամբ: Ապա պատանիները բաժնուեցան երեք տարբեր խումբերու՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն ու ստացան իրենց խումբին գոյնով ապարանջան մը։ Չորս օրերու ընթացքին, անոնք մասնակցեցան «նստած volleyball»-ի, «dodgeball»-ի, «iron man»-ի, «capture the flag»-ի, եւ երգեցողութեան մրցոյթներու ու հաւաքեցին միաւորներ։ Ախոյեանութիւնը շահեցաւ կարմիր խումբը։ Ընկերային խաղերուն առընթեր, պատանիները ունկնդրեցին նաեւ դաստիարակչական նիւթեր:
Անոնց փոխանցուեցան հետեւեալ դաստիարակչական նիւթերը. «Ի՞նչ կը նշանակէ իսկապէս միացեալ ըլլալ որպէս խումբ մը» (ընկհ. Արիանէ Թասլաքեան), «Միասնականութիւնը որպէս փրկութեան միջոց հայոց պատմութեան մէջ» (ընկհ. Նորա Արուշեան), «Սփիւռքահայութիւնը ինչպէ՞ս կը պահպանէ իր միութիւնը օտարութեան մէջ» (ընկ. Կարօ Սարգիսեան), «Միութեան նախապայմանները – ի՞նչ կը պահանջուի զայն պահապանելու համար» (ընկ. Սարգիս Գըլըպոզեան)։
Զոյգ օրերու գիշերները, պատանիները պարեցին ազգային-ազգագրական պարեր, խմբուեցան խարոյկին շուրջ եւ երգեցին ազգային-յեղափոխական երգեր, ներշնչուեցան անոնց փոխանցած ոգիէն եւ ուխտեցին միասնական վերադառնալ տուն: Երկուշաբթի առաւօտեան, սեմինար-բանակումը պաշտօնապէս փակուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգի երգեցողութեամբ:
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմին