ՀՅԴ ԳՄ անդամ Իգոր Սարգսեանի տնային կալանքը փոխարինուած է վարչական հսկողութեամբ

ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Իգոր Սարգսեանի նկատմամբ կիրառուած տնային կալանքը փոխարինած է վարչական հսկողութեամբ։

Դատարանը միաժամանակ անփոփոխ ձգած է նախապէս կիրառուած միւս խափանման միջոցները՝ 2 միլիոն դրամ գրավը եւ երկրէն բացակայելու արգելքը։

Պաշտպանական կողմը միջնորդութիւնը հիմնաւորած է Սարգսեանի առողջական վիճակով՝ նշելով, որ ան օրեր առաջ ուշագնաց եղած եւ հիւանդանոց փոխադրուած էր։ Մեղադրող կողմը, սակայն, առարկած է խափանման միջոցի մեղմացման դէմ եւ պահանջած տնային կալանքը երկարաձգել եւս երկու ամիսով։

Իգոր Սարգսեան «Սրբազան պայքար»-ի գործով հետապնդուող ընդդիմադիր գործիչներէն է։ Անոր կալանքը 2025-ի նոյեմբերին փոխարինուած էր տնային կալանքով։