ՀՅԴ ԳԵՄ-ի նորագիր անդամներու դաստիարակչական սեմինար
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 2017-2018 տարեշրջանի միչ–վարչական խորհրդակցական ժողովն ու նորագիր անդամներու դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 4-5 շաբաթավերջի ընթացքին՝ Մոնթրէալի մէջ, շրջանի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու հիւրընկալութեամբ։
Սոյն սեմինար–ժողովին ներկայ էին Քեպէքի, Օնթարիոյի եւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի բոլոր շրջաններէն ժամանած վարչական կազմերն ու յանձնախումբերու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ դաշնակցական նորագիր երիտասարդներու մեծաթիւ փաղանգ մը։
Երկու օրուայ վրայ երկարող սեմինարի աշխատանքները մեկնարկուեցան շաբաթ առաւօտեան, ուր նորագիրներն ու վարչական պատասխանատուները միատեղ ունկնդրեցին դասախօսութիւն մը՝ ԳԵՄ-ի ներդրումը Հայ Դատի գործունէութեան մէջ որ ներկայացուց Լաւալի «Ս. Զէյթլեան» Կոմիտէի անդամ՝ ընկեր Արարատ Թորոսեան։ Երկրորդ դաստիարակչական նիւթը ներկայացուց «Հորիզոն» Շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր՝ ընկեր Վահագն Գարագաշեան, որ ներկայացուց «Արցախի Ապրիլեան
Քառօրեայ Պատերազմը» նիւթը։ Սեմինարը շարունակուեցաւ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ ընկեր Մհեր Գարագաշեանի «Ո՞վ է Դաշնակցականը» դասախօսութեամբ։ «Պատիւ է Դաշնակցական ըլլալը։ Ձեզմով կ՚երիտասարդանայ Դաշնակցութիւնը» ըսաւ ան իր սրտի խօսքը փոխանցած ժամանակ
Նորագիր անդամները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ծրագրին եւ կանոնագրին մասին։ Սեմինարին նաեւ մասնակցեցաւ «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի անդամ՝ ընկեր Լէօնարտօ Թորոսեան, որ Ամերիկայի Հայ Դատի «Լէօ Սարգիսեան» փորձավարժութեան ծրագրի իր փորձառութեան մասին զեկուցեց։ Օրուան վերջաւորութեան բոլոր մանաճիւղերու վարչութիւնները ներկայացուցին իրենց տարեկան ծրագիրը։ Կիրակի օր ընկերներ եւ ընկերուհիները աշխատանոցներու մասնակցեցան։
Նաեւ, հարկ է նշել թէ շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր շրջանի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն կողմէ։
Ժողովի վերջին օրուայ օրակարգերու սպառումէն ետք, վերանորոգուած ոգեւորութեամբ եւ աշխատանքային նոյն թափը շարունակելու վճռակամութեամբ բոլոր երիտասարդները վերադարձան իրենց քաղաքները։
ՀՅԴ Գանատաայի Երիտասարդակ Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն