ՀՅԴ ԳԵՄ-ի, ԱԳՈՄ-ի, Հայ Դատի յանձնախումբի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները այցելեցին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն
1972
0
Շաբաթ 14 Դեկտեմբեր 2019-ին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Օթթաուայի դեսպանատան մէջ, արտակարգ եի լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեան հիւրընկալեց ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Կեդրոնական Վարչութեան, Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ», Լաւալի «Բեկոր Աշոտ» եւ Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերու, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան (ԱԳՈՄ), Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչները: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հ.Հ. դեսպանատան կողմէն կազմակերպուած ամանորի համագաղութային ընդունելութեան ծիրէն ներս, որուն ընթացքին կայացաւ ճանաչողական հանդիպում։