ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ բողոքի հաւաք ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Մոնթրէալի գրասենեակին դիմաց
1346
0
Դեկտեմբեր 28ին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք։ Մոնթրէալի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին դիմաց ԳԵՄ-ի անդամները բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին, պահանջելով վերջ տալ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։ ՄԱԿ-ի գրասենեակի պաշտօնատարներ կապ հաստատեցին ցուցարարներուն հետ եւ իրազեկ դառնալէ ետք կացութեան, խոստացան ցուցարարներու բողոքին մասին տեղեկացնել ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Օթթաուայի Կեդրոնական գրասենեակի գերատեսչութեան։ Բողոքի ցոյցի աւարտին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան անդամները երգեցին «Ելէք հայեր Պայքարի» երգը։