ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամ Լարա Թերզեան Արցախի մասին կը զեկուցէ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Երիտասարդական Խորհրդարանի 94-րդ նիստին ընթացքին
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասաըդական Միութեան (ԳԵՄ) Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Լարա Թերզեան Պրիթիշ Գոլոմպիոյ տարածքէն 97 երիտասարդ (16-21 տարեկան) անհատներէն մէկն էր, որոնք ընտրուած էին մասնակցելու Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Երիտասարդական Խորհրդարանի 94-րդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ տեղւոյն Վիքթորիայի Օրէնսդիր շէնքին մէջ, Սուրբ Ծննդեան տօնական օրերուն ընթացքին:
Երիտասարդ խորհրդարանականները 5 օրուան ընթացքին ծանօթացան խորհրդարանական ժողովրդավարական գործընթացին, համայնքային աշխատանքներուն եւ ընկերային արդի խնդիրներուն:
Լարա Թերզեան մի քանի անգամ անդրադարձած է 12 Դեկտեմբերէն սկսեալ Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուած շրջափակման մասին, Արցախի Հանրապետութեան բնիկ հայ ժողովուրդին մարդկային իրաւունքներուն ոտնահարման, ինչպէս նաեւ տակաւին շարունակուող յարձակապաշտութեան, մարդկային եւ ինքնորոշման իրաւունքներու ժխտման հարցերուն Արցախի մէջ:
Ան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Արցախի եւ Լաչինի միջանցքի շրջափակման թուրք-ազերիներուն կողմէ եւ անոնց իրականացուցած ոտնձգութիւններուն Արցախի 120.000 բնակիչներուն հանդէպ, որոնցմէ 30.000-ը երեխաներ են եւ 9000-ը՝ հաշմանդամներ:
Թերզեան յորդորած է իր ընկերները չանտեսել Արցախի ժողովուրդին մարդկային իրաւունքները, որոնք ոտնահարման կ’ենթարկուին ոչ միայն շրջափակման վերջին 50 օրերուն ընթացքին, այլ ատրպէյճանական բռնապետութեան կողմէ շարունակաբար իրագործուող ցեղասպանութեանց եւ ցեղային զտումներուն պատճառաւ: