ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հարաւ-արեւմտեան շրջանի նախաձեռնութեամբ բողոքի հանրահաւաք Ուոթըրլու քաղաքին մէջ
«Գանատա դատապարտէ՛ թրքական բռնութիւնները», «Թրքական ԱԹՍ-ները կը սպաննեն անմեղ քաղաքացիներ»… Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յարձակումն ու բռնարարքները դատապարտող պաստառներ բարձրացուցած՝ հայ երիտասարդները Նոյեմբեր 1-ին Գանատայի Ուոթըրլու քաղաք գլխաւոր հրապարակին մէջ բողոքի հանրահաւաք կատարեցին։ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հարաւ-արեւմտեան շրջանին կողմէ նախաձեռնուած ցոյցին կը մասնակցէին ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան եւ ՀՄԸՄ-անդամներ։
Ցոյցի ընթացքին, գանատական CTV հեռուստաընկերութեան Քիչնըր քաղաքի հեռուստակայանը հարցազրոյց ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հարաւ-արեւմտեան շրջանի ատենապետ ԼԵւոն Սարմազեանի հետ, որ յստակօրէն ներկայացուց թուրք-ատրպէյճանական սադրանքները եւ գանատահայ համայնքի ակնկալութիւնները օթթաուայէն։