ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն հանդիպում ունեցաւ ՀՀ դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանի հետ

Շաբաջ 10 Մարրտ 2018-ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Օթթաուայի մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Լեւոն Մարտիրոսեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպան Մարտիրոսեանի հետ քննարկեց Գանատայի հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր, որոնց շարքին Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու յոլովոյթը, Արցախեան հիմնահարցը, Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100 Ամեակի նուիրուած միջոցարումները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.