ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւն. Կը պահանջենք այս իշխանութիւններու անյապաղ ու անցնցում հեռացումը

Այն պահուն, երբ տակաւին համայն հայութիւնը կը դիմակայէ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի անձնատուողական յայտարարութեան եւ ծանր պարտութեան դառնաղէտ հետեւանքները, ՀՀ գործող իշխանութիւնները, հայկական զոյգ  պետութիւնները կրկին անգամ կանգնեցուցած են ազգային անվտանգութեան եւ գոյութենական ծայրայեղօրէն լուրջ կացութեան առջեւ: Արդարեւ, Մայիս 22-ին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հրաւէրով, Փաշինեանի եւ Ալիեւի մասնակցութեամբ Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմանի հանդիպման յայտարարութեան մէջ գործածուած քաղաքական բառամթերքը, վերստին կու գայ փաստելու, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, սահմանները եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը՝ սասանման ընթացքի մէջ դրուած են ՀՀ ներկայի վարչախումբին ու անոր ղեկավարին կողմէ:

Յստակ է, որ բանակցութիւններու այս նոր արարի տեւողութեան, թուրք-ատրպէյճանական տանդեմին կողմէ կը պարտադրուի սահմանագծման եւ սահմանազատման վտանգաւոր ընթացք, որ յղի է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի նորանոր կորուստներով, Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերէն սկսեալ՝ մինչեւ Տիգրանաշէն ու Սիւնիք:

Գործող իշխանութիւններու փաստացի երկչոտութիւնը, անճարակութիւնն ու  դիւանագիտական սնանկութիւնը հասած են այն աստիճանի, որ Պրիւքսէլի հանդիպման յայտարարութեան մէջ կը յիշատակուի բանակցութեանց բառապաշարին մէջ ցարդ չընդգրկուած «Լեռնային Ղարաբաղի էթնիկ բնակչութիւն» եզրոյթը, այս ձեւով՝ Արցախի բնակչութիւնը վերածելով Ատրպէյճանի մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութեան մը:

Ա’յս է ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու «Խաղաղութեան դարաշրջան»ի քաղաքական վարքագիծը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ իրենց յանցաւոր վարքով՝ հայոց պետականութեան ազգային անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիք, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան կորուստի սկիզբ եւ Արցախի մեր ժողովուրդի ճակատագրի յանձնումը՝ ատրպէյճանական կողմի ապահովութեան ստապատիր երաշխիքներուն։

Մենք, յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցին՝ խստօրէ’ն կը դատապարտենք գործող վարչապետի եւ իր խմբաւորման պարտուողական այս մեղսակցութիւնը թրքական զոյգ պետութեանց հետ: Անգամ մը եւս կը պահանջենք, որ հայութեան եւ հայրենիքի ազգային շահերուն ի խնդիր, այս իշխանութիւններու անյապաղ ու անցնցում հեռացումը։

Մենք տէրն ենք մեր պատմական պահանջատիրութեան եւ կը վերահաստատենք՝ որ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը գերիվե’ր է բոլոր տեսակի զիջումներու տարբերակներէն։ Այսօր պահն է համազգային մեր կարողականութեանց միատեղման, մեր ուժերու գերագոյն լարման եւ հայրենի դիմադրութեան շարժման զօրակցութեան՝ ի խնդիր հայրենի հողի, ինքնիշխանութեան ու Արցախի ժողովուրդի պաշտպանութեան։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.