ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան այցելեց Սենթ Քաթրինզ եւ Համիլթըն

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ փետրուար 26-էն ի վեր կը գտնուի Գանատա՝ մասնակցելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-ամեակի տօնակատարութիւններուն, շաբաթ, փետրուար 28-ին, այցելեց Սենթ Քաթրինզ եւ Համիլթըն։

Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Դրօ Թասլաքեանի ընկերակցութեամբ, Սենթ Քաթրինզի մէջ դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ «Անդրանիկ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն կողմէ, իսկ Համիլթընի մէջ՝ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէի անդամներուն կողմէ։

Այցելութիւններուն ընթացքին Ռուստամեան մօտէն ծանօթացաւ երկու շրջաններու կազմակերպական կեանքին, գործունէութեան եւ առաքելութեան։ Ան նաեւ առիթ ունեցաւ ծանօթանալու այդ շրջաններու հարուստ պատմութեան եւ կուսակցական ու միութենական կառոյցներու անցեալին, որոնք հիմնուած են 20-րդ դարու առաջին տասնամեակին։

Այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ առիթ ունեցաւ ծանօթանալու աւելի քան հարիւր տարուան արխիւային արժէքաւոր փաստաթուղթերու, որոնք կը վկայեն Գանատայի մէջ ՀՅԴ կազմակերպական ներկայութեան սկզբնական շրջանին մասին։

Ռուստամեան նաեւ զեկոյց ներկայացուց տեղական ներկայացուցիչներուն՝ Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ ընթացող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան եւ դիրքորոշումներուն մասին, յատկապէս յառաջիկայ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ։