ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան այցելեց «Հորիզոն Մետիա»-ի խմբագրատուն

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, երկուշաբթի, 2 մարտին այցելեց Մոնթրէալի մէջ գտնուող «Հորիզոն Մետիա»-ի խմբագրատունը, ուր զինք դիմաւորեցին վարիչ խմբագիրը եւ խմբագրական կազմի անդամները։

Այցելութեան ընթացքին Ռուստամեան մօտէն ծանօթացաւ «Հորիզոն Մետիա»-ի գործունէութեան, առաքելութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն, որոնք նպատակ ունին ընդարձակելու լրատուամիջոցի գործունէութեան ծիրը եւ անցեալի նոյն թափով ծառայելու գանատահայ համայնքին՝ զայն շարունակաբար տեղեկացնելով համայնքային, ազգային եւ միջազգային զարգացումներուն մասին։

Այցելութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Հայաստանի եւ սփիւռքի շուրջ արձանագրուող վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ այս զարգացումներուն նկատմամբ առկայ մարտահրաւէրներն ու հեռանկարները։ Այս ծիրէն ներս, Արմէն Ռուստամեան նաեւ հարցազրոյց մը տուաւ «Հորիզոն Մետիա»-ին, որ հեռարձակուեցաւ քանի մը օր առաջ։