ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը
- (0)

Աւելի քան մէկ տարի տեւած կեղծ դատավարութեան իբրեւ արդիւնք, այսօր Պաքուի ռազմական դատարանը հրապարակեց Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարներուն եւ այլ հայ բանտարկեալներուն դէմ շինծու մեղադրանքներով կազմուած գործին «դատավճիռները»։
Դռնփակ, կեղծ «դատավարութեամբ» կանխորոշուած վճիռներով Ատրպէյճան հերթական անգամ հաստատեց, որ հակառակ խաղաղութեան մասին իր հռետորաբանութեանն ու ձեւական քայլերուն, ՀՀ գործող իշխանութիւններուն մեղսակցութեամբ կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնն ու վարքագիծը։
Ի սկզբանէ յստակ էր, որ Պաքուի այս «դատավարութեան» նպատակը Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններն ու արցախահայութեան ինքնորոշման պայքարը եւ այդ պայքարի առաջնորդողները թիրախաւորելն ու վարկաբեկելն է։
Յատկանշական է, որ Հայաստանի եւ հայերուն դէմ կայացուած այս «դատավճիռներուն» նախօրեակին Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը Ապու Տապիի մէջ խաղաղութեան մրցանակ ստացան։ Ահա թէ ինչպիսին է եւ ինչի մասին է այսպէս կոչուած «խաղաղութեան գործընթացը»։
Պաքուի ռազմական դատարանին կողմէ դատապարտուած հայ ռազմագերիները իրականութեան մէջ փաստացի պատանդներ են Ատրպէյճանի ձեռքին։ Առանց այդ պատանդներու անյապաղ եւ առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակման՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման մասին խօսիլը ծաղրանք է, անկախ անկէ, թէ ովքե՛ր են այդ խօսոյթին հեղինակները։
Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ բոլոր գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար։ Կոչ կ’ուղղենք մեր տարածաշրջանին մէջ իսկական խաղաղութեան ջատագով հանդիսացող ուժերուն, ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներուն, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան համար գործող միջազգային բոլոր կառոյցներուն՝ հետեւողական ըլլալու եւ աջակցելու հայ գերիներուն ազատ արձակման գործին։
Արցախի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իսկական խաղաղութեան մասին կարելի է խօսիլ միայն այն ճանապարհով, որ կ’ապահովէ արցախցիներուն անհատական եւ հաւաքական բոլոր իրաւունքները, ներառեալ՝ պատանդներուն հայրենիք վերադարձը։
Ասիկա կ՚ենթադրէ բոլոր առումներով իսկապէս ուժեղ հայրենի պետութիւն եւ ազգային նպատակներու շուրջ համազգային համախմբում։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յանձնառու է եւ պիտի շարունակէ այս նպատակին ուղղուած կազմակերպուած ու նպատակասլաց պայքարը։
ՀՅԴ Բիւրօ
5 փետրուար 2026