ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներու շնորհաւորական այցը Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեանին
Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» Դահլիճէն ներս ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին շնորհաւորելու համար Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգային Երետփոխանական ժողովին կողմէ երկրորդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ Վերընտրութեան առթիւ։
Բիւրոյի ներկայացուցչական կազմը կը գլխաւորէր՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, իսկ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Մհեր Գարագաշեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային Առաջնորդարանիս Ազգային Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետին՝ Պրն. համբիկ Գարայեանին։
Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ծիրէն ներս տարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ, ի մասնաւորի Հայաստանի կրթութեան ոլորտէն ներս վերջին զարգացումները։
Քննարկման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ ազգ-եկեղեցի անքակտելի կապի կարեւուրութեան մասին, որոնք իրարմով զօրացած՝ միշտ դիմակայած են բոլոր ժամանակներու դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց ՀՅԴ-ի բոլոր աշխատանքներն ու ջանքերը, թէ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ։ Ան վեր առաւ միասնութեան, գործակցութեան ու արդիւնաւոր գործի հրամայականները, նշելով, որ ՀՅԴ-ի բեռը ծանր է, բայց վաստակն ու փորձառութիւնը լայնածաւալ եւ բազմաբեւեռ։