ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատուներէն Արշակ Մեսրոպեան  մասնակցեցաւ ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի ՀԵԴ-ի համագումարին

Աշխատանքային այցով Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջան գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատուներէն Արշակ Մեսրոպեան Օգոստոս 28-ին մասնակցեցաւ ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵԴ) տարեկան համագումարին։

Ժողովի ընթացքին Մեսրոպեան զեկուցեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի կառուցուածքին, որդեգրած երիտասարդական ռազմավարական սկզբունքներուն, յանձնախումբերուն եւ համահայկական ծրագրիրներուն մասին, անդրադառնալով նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ նախատեսուած աշխատանքներուն։

Յատկապէս քննարկուեցան Արցախի ծրագիրները, Դէպի Սիւնիք համապարփակ ծրագիրը եւ Վերելք ձեռներէցութեան նախագիծը Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ։

Հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակին հետ կապուած ՝ փոխանցուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդականի առաջնային եւ էական ներագրաւուածութիւնը դիմադրութեան շարժման պայքարին որպէս առաջամարտիկ, սփիւռքի երիտասարդութեան մասնակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը հայրենի Երիտասարդներուն հետ եւ ընդհանուր առմամբ թուրք ազրպէյճանական հակահայ գործընթացին դիմակայելու միասնական երիտասարդական ջանքերու խտացումն ու կրկնապատկումը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.