ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Խաժակ Մկրտիչեան Ընդունեց Քիւրտիստանի Ազգային Միութիւն Կուսակցութեան Բանբեր Հեմըն Մարմաշը

Horizon Weekly Newspaper

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 26 ապրիլին, ՀՅԴ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան ընդունեց Քիւրտիստանի Ազգային միութիւն կուսակցութեան բանբեր Հեմըն Մամրաշը, որ Հայաստան այցելած էր գլխաւորելով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած ոգեկոչումին:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները շեշտեցին հայ-քրտական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, քննարկեցին շրջանին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական կացութիւնը եւ անոր անդրադարձը երկու ժողովուրդներուն վրայ:

Իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններ, զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ երկու կուսակցութիւններու փոխյարաբերութեանց եւ զանոնք ընդարձակելու կարելիութեան:

Խաժակ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր քաղաքական գործիչին` յատուկ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով պատուիրակութեամբ Երեւան այցելելուն համար, որ ինքնին երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ապացոյց է: Փոխադարձաբար, Մամրաշ ընդգծեց, որ քիւրտ ժողովուրդը մեծ սէր ու յարգանք կը տածէ հայ ժողովուրդին հանդէպ, կ՛ուրախանայ անոր յաջողութիւններով եւ կը ցաւի անոր կորուստին համար:

Անդրադարձ եղաւ նաեւ շփումները շարունակելու եւ յարաբերութիւնները խորացնելու յառաջիկայ ճիգերուն ուղղութեամբ: