ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան այցելեց Վանգուվըրի Հայ Կեդրոն

Ապրիլ 20-ի երեկոյեան ժամը 7:30 ին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ   Մկրտիչեան այցելեց Վանգուվըրի Հայ Կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Վանգուվըրի մէջ գործող զանազան կազմակերպութիւներու ներկայացուցիչներու եւ տեղւոյն ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան կոմիտէութան անդամներուն հետ։ Կոմիտէի ատենապետ Վահիկ Հակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Թիթար Քօշքերեանը, որ ներկայացնէ ՀՅԴ բիւրոյի ամդամ Խաժակ Մկրտիչեանին, որմէ անմիջապէս ետք Խաժակ Մկրտիչեան զեկուցեց Արցախի, Հայաստանի եւ Ջաւախքի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։

Ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու, որոնց պատասխանեց Բիւրոյի անդամը։

 

Comments are closed.