ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Պատանեկան Բանակում Հրազդանի Մէջ
24
0
![](https://horizonweekly.ca/wp-content/uploads/2024/07/Capture-Aussie-scaled.jpg)
Հրազդանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութիւններու կազմակերպած բակային բանակումը: Տարեկան դրութեամբ կայացող այս նախաձեռնութեան այս տարի մասնակցեցան շուրջ 100 պատանիներ:
Սփիւռքէն եկած երիտասարդները պատանիներուն ազգային երգեր, պարեր սորվեցուցին, զուարճալի ու ուսուցողական խաղեր կազմակերպեցին եւ տարբեր հմտութիւններ փոխանցեցին: Բանակումին իրականացուեցան նաեւ շարք մը բանախօսութիւններ տարբեր նիւթերու շուրջ` Արցախէն սկսեալ մինչեւ առողջ ապրելակերպ:
Չորեքշաբթի, 10 յուլիսին բանակավայր այցելեցին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գառնիկ Դանիէլեանը եւ Քրիստինէ Վարդանեանը:
Comments are closed.