ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի «Սփիւռք» խորհրդաժողովը նոր սկիզբ մը հանդիսացաւ
- (0)

14էն 15 մարտի շաբաթավերջին, ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանը Սփիւռքի հարցերուն նուիրուած իր խորհրդաժողովը գումարեց Պըրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ։
Ներքին աշխատանքային խորհրդաժողովը համախմբեց Սփիւռքի նշանաւոր գիտնականներ, մանկավարժներ, համայնքային առաջնորդներ եւ ՀՅԴի անդամներ՝ համակարգուած երկխօսութեան մը համար, որ նուիրուած էր միայն մէկ նպատակի՝ անկեղծ եւ էական քննարկում մը ունենալ Սփիւռքի ներկայ կացութեան եւ ապագայ ուղղութեան մասին։
Խորհրդաժողովին նպատակը հռչակագիրներ կամ խորագիրներ արտադրելը չէր։ Զանազան նիւթերու նուիրուած ինն նիստերուն ընթացքին քննարկուեցան Սփիւռքի պատմական յատկանիշները, Հայաստան-Սփիւռք քաղաքական կապերը, կրթութիւնը եւ լեզուն, սփիւռքեան ինքնութիւնը եւ մշակոյթը, Հայ Դատը՝ 21րդ դարուն եւ սփիւռքեան ազգակերտումի նպատակները։

Յստակ դարձաւ, որ Սփիւռքը չի կրնար հասկցուիլ միայն իբրեւ հայրենիքի զգացական մասնիկ մը, ոչ ալ իբրեւ հաւաքածոյ մը համայնքներու, որոնք կը փորձեն պահպանել յիշողութիւնը եւ ինքնութիւնը։ Քննարկումները հասան այն եզրակացութեան, որ ասոնց փոխարէն գոյութիւն ունի աւելի պահանջկոտ եւ բարդ իրականութիւն մը. եթէ Սփիւռքը պիտի մնայ իմաստալից՝ անոր պէտք է մօտենալ իբրեւ բազմաշերտ, բազմակեդրոն անդրազգային ցանց մը, ինքնագիտակից եւ զարգացող, պարտականութիւններով, որոնք կ՛անցնին հաստատութիւններու պահպանումէն անդին։
Այս իրողութիւնը տեսանելի էր խորհրդաժողովի կառոյցին մէջ։ Կրթութիւնը քննարկուեցաւ ոչ պարզապէս իբրեւ մանկավարժական հարց մը, այլ՝ իբրեւ հարց մը, որ կապուած է լեզուի շարունակականութեան, ինքնութեան ձեւաւորման եւ համայնքային երկարատեւ դիմադրողականութեան հետ։
Երիտասարդութիւնը քննարկուեցաւ ոչ միայն իբրեւ ժողովրդագրական դասակարգ մը, այլ՝ իբրեւ վայր մը, ուր պատկանելիութեան, ղեկավարման եւ ապագայի հարցերը վերջնականապէս պիտի վճռուին։

Հայկական Հարցին քննարկումը չսահմանափակուեցաւ միայն ժառանգուած բանաձեւերով, առաքելութեան, աշխատանքի ծիրին եւ նոր իրականութեան յարմարելուն առջեւ նոր դուռեր բացին։ Կարեւորը այն է, որ օրակարգը յստակ դարձուց, թէ այս նիւթերը սերտօրէն իրարու կապակցուած են. լեզուով եւ մշակոյթով տկարացող Սփիւռքը վերջապէս պիտի տկարանայ քաղաքականապէս, իսկ անոնք, որոնք երիտասարդներու առաջնորդութիւն չեն մշակեր, պիտի պայքարին միայն հաստատութիւնները պահպանելու համար։ Խմբային վերջին քննարկումները կարեւոր էին յատկապէս այս առումով։ Մասնակցողները լեզուի, ինքնութեան, կրթական կառոյցներու, երիտասարդութեան, ղեկավարներու պատրաստութեան եւ Հայ Դատի վերաիմաստաւորման շուրջ աշխատանքային խումբերու բաժնելով՝ խորհրդաժողովը սկսաւ շարժիլ ախտաճանաչումէն դէպի հաւանական նոր ուղի մը։ Վերջնական վարդապետութիւն մը չհրապարակուեցաւ եւ այդ մէկը արդէն չէր ակնկալուեր։ Եւ այդ էր նպատակը։ Խորհրդաժողովին արժէքը չէր կայանար արհեստական համաձայնութիւն արտադրելուն մէջ, այլ՝ օգնելու բացայայտել իրական հարցումները, լարուածութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները, որոնք կը պահանջուին հալիք աշխատանքին համար։

Յատկանշականը ոչ միայն խորհրդաժողովի օրակարգն էր, այլ՝ նաեւ անոր մղիչ ուժը։ Այս օրերուն, երբ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Սփիւռքը կ՛ուղղուին դէպի խոր փոխակերպումներու՝ աշխարհաքաղաքական, ժողովրդագրական, սերնդային եւ մշակութային, երկուքին միջեւ յարաբերութիւնները այլեւս չեն կրնար հիմնուիլ ժառանգուած ենթադրութիւններու վրայ։ Արցախի անկումը, Հայաստանի կողմէ դաշինքներու վերակազմաւորումը, Սփիւռքի համայնքներու ձուլման արագացումը եւ նոր սերունդի մը յայտնութիւնը, որ հայկական ինքնութեան հետ կապ կը հաստատէ իր սահմանած պայմաններով, բոլորը միացած են մէկ հրատապ հարցումին շուրջ. 2026ին ի՞նչ կը նշանակէ մաս կազմել մէկ հայկական աշխարհի մը եւ այդ աշխարհը իրականութեան մէջ ի՞նչ տեսակի գործակցութիւն կը պահանջէ։
Խորհրդաժողովի նախօրեակին՝ 12 Մարտին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած էր հրապարակային բանավէճ-քննարկում մը, որ ուսումնասիրեց Հայ Սփիւռքի ազգակերտումի կարելիութիւնները աւելի լայն հանրութեան մը առջեւ եւ «Ասպարէզ»ի մէջ հրատարակուած էին երկու նախապատրաստական յօդուածներ, որոնք ձեւակերպեցին հաւաքին քննարկումը եւ օրակարգը։ Այս բոլորը՝ հրապարակային բանավէճ, մամուլով նախապատրաստութիւն եւ ներքին խորհրդաժողով, կը ներկայացնեն դիտաւորեալ հերթականութիւն մը. հասկցիր նախքան գործելը, եւ խորհէ նախքան հռչակելը։

Այս խորհրդաժողովը պէտք է դիտուի՝ իբրեւ սկիզբ մը, եւ ոչ թէ եզրակացութիւն մը։ Սեղանին վրայ դրուած հարցերը չափազանց մեծ են, չափազանց շերտաւորուած եւ չափազանց կարեւոր հետեւանքներով լեցուն՝ մէկ շաբաթավերջի մը մէջ սպառելու համար։
Գալիք ժամանակաշրջանին, պիտի հրապարակուին յօդուածներ այն հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք արժանի են յաւելեալ հանրային քննարկումներու։ Այս երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած զրոյցները ներքին էին, սակայն անոնց աշխատանքը կը պատկանի հայկական աշխարհին։ Այն, ինչը քննարկուեցաւ Պըրպեքի մէջ, պիտի չմնայ Պըրպենքի մէջ։