ՀՅԴն մղիչ ոյժն է այսօր, որ կը շարունակէ դաստիարակել սերունդներ. Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան

2020 թուականին նախատեսուած՝ ՀՅԴ 130-ամեակին նուիրուած միջոցառումը չկայացաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմի եւ հայութեան ողբերգական կորուստների պատճառով: Այն առցանց անցկացուեց 2021թ. մայիսի 2-ին:

Շնորհաւորական ուղերձներ յղեցին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ն, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանը, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան վարչութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանջեանը:

Կատարուած աշխատանքների ամփոփ հաշուետուությամբ հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանն ու Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Հայ դատի Ուաշինկթընի, Միջին Արևելքի, Եւրոպայի, Մոսկուայի, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Հարաւային Ամերիկայի գրասենեակների և յանձնախմբերի, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի, կուսակցութեան ուղեկից կառոյցների՝ Հայ Օգնութեան Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական և Մշակութային Միութեան և Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան պատասխանատուները:

Միջոցառումն ամբողջացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան 130-ամեայ երթը յատկանշող պահերի եւ գործունէութեանն անդրադարձող կարեւոր կէտերի նշումով։ Յատուկ տեղ գրաւեց Արցախեան վերջին պատերազմը, որին մասնակցել էր կամաւորների յատուկ ջոկատը։

Ստորեւ ներկայացնում ենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի խօսքը ՀՅԴ 130-ամեակին նուիրուած «130 տարին 130 րոպէում» առցանց միջոցառմանը (2-ը մայիսի 2021թ)

*

Սիրելի հայրենակիցներ,

ՀՅԴ 130ամեակի պատմութիւնը հայոց նորագոյն պատմութեան հետ ամբողջովին ընդելուզուած է:

Իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն ՀՅԴն առաջատար դիրքերու վրայ գտնուած է ի պաշտպանութիւն իր ժողովուրդի դատին, իրաւունքներուն, անվտանգութեան եւ ընկերային արդարութեան …

Իր հիմնադրութեան առաջին օրերուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ստրուկի հոգեբանութենէն դուրս բերաւ օտար լուծի տակ ընկճուած ժողովուրդը եւ կերտեց պահանջատէր հայութիւն:

Ու 130 տարիներէ ի վեր ան յատկապէս կազմակերպեց ու առաջնորդեց՝

– հայ յեղափոխութիւնը 19րդ դարու 90-ականներէն սկսեալ
– Ֆիտայական շարժումը երկրի մէջ
– Հայ եկեղեցական գոյքերու բռնագրաւման դէմ պայքարը ԱրեւելաՀայաստանի մէջ
– Հայ-թաթարական պատերազմին հայութեան յաղթանակը
– Օսմանեան կայսրութեան Սահմանադրական շարժումի մասնակցութիւնը
– Իրանի Սահմանադրական յեղափոխութեան մասնակցութիւնը
– Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Կամաւորական շարժումը
– Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացներու համախմբումը եւ ապահովութիւնը
– 1918-ի Մայիսեան փառապանծ յաղթանակները եւ Հայաստանի պետականութեան վերականգնումը
– Ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի տեսլականը եւ Հայաստանի իրաւունքներու ձեռքբերումը միջազգային
վեհաժողովներու ընթացքին եւ Սեւրի դաշնագրի միջոցաւ
– Հայ վրիժառու բազուկները՝ ցեղասպաններու Նեմեսիսեան արդարահատոյցը կիրարկելով
– Հայկական նորաստեղծ Սփիւռքի կառոյցներն ու դիմագիծը, տարասփիւռ հայութեան ներշնչելով յոյս եւ
վճռակամութիւն
– Բ աշխարհամարտի հայկական գերիներու ազատագրումը
– Սփիւքահայութեան հայակերտումն ու պահանջատիրական ոգիի արմատաւորումը
– Ազատութեան ու անկախութեան խորհրդանիշներու պաշտպանութիւնը համայնավարութեան խաւարի
տարիներուն ընթացքին
– Վերջին վաթսունամեակի Հայ Դատի քաղաքական աշխատանքներու նոր թափը եւ ուժային բուռն պայքարը
– Լեռնային Ղարաբաղի գոյամարտի մասնակցութիւնը, Արցախի ազատագրումը եւ ԼՂՀի ստեղծումը
– Հայաստանի վերանկախացման գործընթացի ակտիւ մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ազգային արժքէքներու
եւ ազգային գաղափարախօսութեան հայրենիք վերադարձը
– Հայրենիք-Սփիւռք կամրջումը
– Հայաստանի ու Արցախի քաղաքական կեանքի նուիրեալ մասնակցութիւնը
– Հայրենիքի մէջ ընկերային արդարութեան հաստատումը

Իր փառապանծ անցեալի որպէս շարունակութիւն, ՀՅԴն այսօր կը հանդիսանայ այն միակ համահայկական եւ ազգային ազատագրական պայքար մղող կազմակերպութիւնը, որ հարենիքի ու հայութեան համար պայքար կը մղէ աշխարհով մէկ: Կը միտի զարգացնել Հայաստանն ու Արցախը եւ ամրապնդել անոնց պետականութեանց հիմերը:

Հայ Դատի ոլորտէն ներս հայ ժողովուրդի արձանագրած նուաճումներու առիւծի բաժինը ստանձնած մեր կազմակերպութիւնը արդէն ապահոված է Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ պահանջատիրութեան յաղթանակներ, որու վերջին օրինակն է ԱՄՆի Նախագահ Բայդընի Ցեղասպանութեան եզրոյթի օգտագորժումը: Եւ հիմա լծուած է պահանջատիրութեան օրինական երեսներու ուսումնասիրութեան գործին:

Սփիւռքի տարածքին ու բռնագրաւեալ մեր հողերու հայ համայնքներու եւ ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանն է ՀՅԴն, որ կը պայքարի ամէնուրէք անարդարութեան եւ հայութեան իրաւունքներու ոտնահարման դէմ: Կը ներարկէ նոր ոյժ եւ կազմակերպուածութիւն արտերկրի մէջ եւ կը խթանէ հայրենիք-սփիւռք միասնութիւնը, համոզուած ըլլալով որ յանձնառու սփիւռքն է հզօր հայրենիքի յենարանը:

Եւ վերջապէս՝ ՀՅԴն մղիչ ոյժն է այսօր, որ կը շարունակէ դաստիարակել սերունդներ որպէսզի յանձնառու իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ իր կեանքի հիմնական նպատակներէն մէկը դասէ հայրենիքին, ժողովուրդին ու դատին ծառայելը, ամրօրէն իւրացնելով Սիամանթոյի պատգամը, որ մեր «անունն է Պայքար եւ վախճանը Յաղթանակ»։

ՅՏԽ
2021 Մայիս 2

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.