ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած Գանատայի շրջանի 48-րդ մարզախաղերը կայացան Լաւալի մէջ
Մարզական խաղերուն մասնակցեցան 250 մարզիկներ, որոնք ժամանած էին Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն, Գալիֆորնիայէն, Ֆրանսայէն, Վանգուվըրէն, Համիլթընէն, Սենթ Գաթրինզէն եւ Գեմպրիճէն։
Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններու, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Լաւալի վարչութեան եւ պատասխանատուութեամբ՝ մարզական խաղերու մարմնի ատենապետ եղբ. Հրաչ Տէր Սարգիսեանի, Ուրբաթ, 31 Օգոստոս 2018-ին, Լաւալի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը ՀՄԸՄ Գանատայի շրջանի 48-րդ մարզախաղերուն, որոնք նուիրուած էին ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին։
Սրբազան Հօր օրհնութեամբ, մարզախաղերուն մեկնարկը կատարուեցաւ ջահավառութեամբ, Ուրբաթ կէսօրէ ետք ժամը 6-ին, Լաւալի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք, աւելի քան 350 անդամներ՝ ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ, մարզիկներ, ՀՄԸՄ Կամքի փողերախումբի անդամներ, քոյր միութիւններ եւ կազմակերպութիւններու անդամներ քայլարշաւով մը Լաւալի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն ուղղուեցան Լաւալի Հայ կեդրոն։
Հայ Կեդրոնին մէջ գեղարուեստական յայտագիիը սկսաւ Հայաստանի եւ Գանատայի քայլերգներվ, մեկնաբանութեամբ Միրիամ Պաղտասարեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկին Ռիթա Շամլեանի։ Քայլերգներուն ընթացքին սկաուտները դրօշակի արարողութեամբ բարձարցուցին ՀՄԸՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին եւ 48-րդ մարզախաղերուն նուիրուած դրօշակները։
Քայլերգներէն ետք ջահը փոխանցուեցաւ երեք տարբեր սերունդներու։ Սուրիոյ նշանաւոր մարզիկ, կարճ վազքի եւ ոստումի ախոյեան եղբ. Սերոբ Կիրակոսեան ջահը յանձնեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի երկար վազքի ախոյեան եղբ. Բիւզանդ Լախոյեանին։ Որմէ ետք վերոյիշեալ երկու ախոյեան եղբայրները միասնաբար ջահը յանձնեցին երիտասարդ մարզուհի քոյր Թինա Կարապետեանին։ Վերջինս չմշկային մարզախաղերուն ընթացքին հրաւիրուած էր Հայաստանը ներկայացնելու՝ Մոսկուա կայանալիք Ողոմպիականին։ Քոյր Թինան, իր կարգին, վառեց կրակը։
Համազգայինի «Քնար» երգչախումբն ալ գեղեցկացուց երեկոն իր ներկայացուցած երեք երգերով, ղեկավարութեամբ տիկին Լոռի Անթունեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկին Ռիթա Շամլեանի։
Յայտագրին ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ տիար Արամ էլակօզ, որ քաղաքապետարանի անունով բացումը յայտարարեց 48-րդ մարզախաղերուն։ Նաեւ խօսք առին ՀՄԸՄ-ի Լաւալի վարչութեան ատենապետուհի քոյր Սոնա Լախոյեանն ու Գանատայի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի քոյր Լիոնի Սարմազեանը։ Անոնք բոլորն ալ շնորհաւորելով ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը, մաղթեցին յաջող երթ մարզիկներուն եւ սկաուտներուն։
Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Էլ Խուրին խօսք առնելով ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութիւնը մեծ հպարտութիւն է թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ համայն մարդկութեան։ Ան խօսքը ուղղելով հայ երիտասարդին ըսաւ, թէ ժամանակին անոնք որոնք կը յաւակնէին բնաջնջել հայութիւնը՝ սխալեցան, այժմ հայ երիտտասարդը հոս է, ներկա՛յ է։ Ապա կոչ ուղղեց հայ երիտասարդաց ըսելով. «Շարունակեցէ՛ք սիրել Հայաստանը, ձեր արմատները, ձեր արժանիքներն ու Գանատան եւ շարունակեցէք զիրար օգնել…»:
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Սրբազան Հօր շնորհաւորանքներով, որոնք ուղղուած էին ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ այս խաղերը պարզապէս մարզախաղեր չեն, այլ՝ փառատօն եւ համախումբ աշխատանքի արդիւնք։ Սրբազան Հայրը իր խօսքը աւարտելէ ետք «Պահպանիչ»ով օրհնեց բոլոր ներկաներն ու մարզիկները։
Նշենք նաեւ, որ օրակարգին մէջ փոփոխութիւններ կատարուեցան, նկատի առնելով մարզիկներուն մեծաթիւ ըլլալը։ ՀՄԸՄ-ի մարզական խաղերուն մասնակցեցան 250 մարզիկներ, որոնք ժամանած էին Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն, Գալիֆորնիայէն, Ֆրանսայէն, Վանգուվըրէն, Համիլթընէն եւ Գեմպրիճէն։ Կազմակերպիչ մարմինը որոշում առաւ մարզական խաղերուն սկիզբ տալ Ուրբաթ կէսօրէ ետք, փոխան Շաբաթ առաւօտեան։ Հետեւաբար վեթերաններու եւ երէց մարզիկներու թէ՛ պասքէթպոլի եւ թէ՛ ոտնագնդակի մռցումներ կայացան։
Շաբաթ օր շարունակուեցան մրցումները երեք տարբեր դաշտերու մէջ։
Մրցումի մարզախաղերն էին ոտնագնդակ, պասքէթպոլ, վոլէյպոլ, ճատրակ եւ փինկ-փոնկ։
Շաբաթ իրիկուն, մարզախաղերէն ետք, երիտասարդները միասնաբար հաճելի խրախճանք մը անցուցին «Ահարոնեան» սրահէն ներս։
Կիրաակի, 2 Սեպտեմբեր-ին շարունակուեցան վերջին մրցումները Complexe Sportif Claude Robillard-ի մէջ, որոնցմէ ետք բոլոր մասնակիցները, սկաուտները եւ իրենց պատասխանատուները համախմբուած կը պատրաստուէին փակման արարաողութեան։ ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ, մարզիկներ, ՀՄԸՄ Կամքի փողերախումբի անդամներ, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի փողերախումբի անդամներ, քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անդամներ միասնաբար տողանցքով մը ուղղուեցան դէպի՝ դաշտ, ուր փողերախումբերը երաժշտական կշռոյթով խանդավառեցին տողանցողներն ու ներկաները:
Փակման հանդիսութեան ժամանակ ժողովուրդը առիթը ունեցաւ վայելելու օտար երգչախումբի եւ պարախումբի մեկնաբանումներ։
Կրկին անգամ հնչեցին Հայաստանի եւ Գանատայի քայլերգները, մեկնաբանութեամբ Միրիամ Պաղտասարեանի։
Հանդիսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաղխութիւն: Նշենք, որ մրցանակաբաշխման մետալներն ու բաժակները նուիրած էին բարերարներ եւ հովանաւորներ։
Յաղթականներ եղան գրեթէ բոլոր մասնակցող խմբակներէն։ Յիշենք անոնցմէ մի քանի հատը։ Ոտնագնդակի վեթերաններու խումբերէն առաջին տեղը գրաւեց Մոնթրէալի խումբը, Պասքէթպոլի փոքր աղջիկներու առաջնութիւնը շահեցաւ կրկին Մոնթրէալի խումբը, Ճատրակի երեք տարբեր տարիքային խմբակներուն առաջնութիւնը նուաճեցին Լաւալէն մասնակցողներ, Իսկ երիտասարդներու 100 մ. վազքին տղոց առաջնութիւնը ստացան Ֆրանսայի մարզիկները եւ աղջիկներունը՝ Վանգուվըրի նորաստեղծ մասնաճիւղի մարզիկներ:
Անշուշտ գնահատելի էր բոլոր մարզիկներուն մասնակցութիւնը, որովհետեւ արդիւնքն էր երկարատեւ մարզումներու։
Փակման հանդիսութեան եւս յաջորդաբար խօսք առին ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ատենապետուհի քոյր Սոնա Լախոյեանը, Գանատայի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ քոյր Լէոնէ Սարմազեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Մոսիկ Թոփուզեանը եւ Գանատայի մօտ ՀՀ Հիւպատոս տիար Արա Մկրտչեանը։
Աւարտին, օդանաւ մը ճախրեց երկնքին մէջ, ՀՄԸՄ-ի խորհրդանշանն ու գրութիւն մը ծածանելով, որ կը յայտնէր աւարտը 48-րդ մարզախաղերուն, շնորհակալութիւն կը յայտնէր եւ ցտեսութիւն կ’ըսէր ֆրանսերէնով։
Յայտագիրը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով։
Նոյն օրը, երեկոյեան Լաւալի Sheraton պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փակման խրախճանքը, ուր երգիչ Էլի Պէրպէրեանն ու իր նուագախումբը ճոխացուցին մթնոլորտը:
Խրախճանքի ժամանակ, տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում:
ՀՄԸՄ-ի Լաւալի մասնաճիւղը մեծ հաճոյքով եւ ուրախութեամբ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած 48-րդ մարզախաղերուն մասնակից մարզիկները, եւ ոչ մէկ ջանք խնայեց յաջողութեամբ պսակելու բոլոր միջոցառումները:
ՇՈՂԻԿ ՍԱՖԱՐ