ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին
- (0)

Հինգշաբթի, 28 յուլիս 2022-ի կէսօրին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Աւագեանի, Տիրան Վահրատեանի եւ Թալին Օրտողլեանի, այցելեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն եւ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Նորա Արիսեանի եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներուն հետ:

Իր կարգին, դեսպան Նորա Արիսեան մեծապէս գնահատեց «առողջ մարմնի մէջ առողջ միտք» կերտող ՀՄԸՄ-ի դերակատարութիւնը անցնող աւելի քան 100 տարիներուն ընթացքին: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ հարուստ փորձառութիւն եւ վաստակ ունի տիպար քաղաքացիներու պատրաստութեան մէջ, որովհետեւ միշտ եւ ամէն տեղ ան յանձնառու կը մնայ իր նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»-ի գործադրութեան:
Արիսեան հաստատեց, որ Սուրիոյ պատերազմին ամբողջ տեւողութեան ՀՄԸՄ գտնուեցաւ պատնէշի վրայ. օժանդակութիւններ բաշխեց, բանակին ու պետութեան կողքին կանգնեցաւ եւ մինչեւ իսկ նահատակներ տուաւ Սուրիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման համար:

Աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան ներկայութեամբ, դեսպան Նորա Արիսեան դեսպանատան գլխաւոր սրահին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ պատուիրակութեան բոլոր անդամները: Տեղի ունեցաւ խօսքերու փոխանակում եւ յուշանուէրներու յանձնում: