ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերէ ետք, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական Բ. համագումարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս:

Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, ուրբաթ, 28 ապրիլի կէսօրին համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան աշխատանքներուն եւ տեսանիւթով լսեց վկայութիւնները երիտասարդական Ա. համագումարի (Աթէնք, մայիս 2019) խումբ մը մասնակիցներու: Ապա համագումարը կազմեց իր դիւանը եւ աշխատանքային յանձնախումբերը:

Այնուհետեւ, համագումարը լսեց երեք նիւթեր եւ կատարեց համապատասխան քննարկումներ.-

«ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը երէկ եւ այսօր»` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան:

«Հայ երիտասարդութիւնը` իր տագնապներով եւ սպասումներով»` Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան:

«ՀՄԸՄ-ի կառուցային, կազմակերպական, դաստիարակչական, քարոզչական մօտեցումները որքանո՞վ կը պատշաճին մերօրեայ երիտասարդութեան ակնկալութեան»` ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Գազանճեան:

Երիտասարդական համագումարին երկրորդ օրը յատկացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական ծրագիրներու ներկայացման, արժեւորման ու քննարկման: Կատարուեցան աշխատանիստեր եւ ընդհանուր նիստեր: Նիւթերը ներկայացուցին.

«ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական գործունէութեան շրջագիծը. քննարկում երիտասարդական ուղեգիծի»` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան:

«ՀՄԸՄ-ի  երիտասարդական ուղեգիծը եւ նոր գործադաշտերու կարելիութիւնները»` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Վիգէն Աւագեան:

Յայտնենք, որ համագումարին երկրորդ օրը, մասնակիցներուն այցելեց եւ Կիպրոսի ու Կիպրոսի հայութեան մասին պատմական եւ այժմէական տեղեկութիւններ ներկայացուց Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան:

Աւարտին, համագումարին մասնակիցները ընտրեցին իրենց ներկայացուցիչները, որոնք երիտասարդութեան առաջարկները, ակնկալութիւնները եւ սպասումները պիտի փոխանցեն ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական Ժ. Ընդհանուր ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան: Համագումարին ներկայացուցիչները Ընդհանուր ժողովին պիտի մասնակցին խորհրդակցական ձայնով:

Կիպրոսի Նահատակաց
Դամբարան Այցելութիւն

Շաբաթ, 29 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, համագումարի աշխատանքներու աւարտէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչական անդամներու գլխաւորութեամբ, մասնակիցները այցելեցին Թիմվօ` Կիպրոսի նահատակաց յուշակոթող, ուր յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին 1974-ին, Թուրքիոյ Կիպրոս ներխուժման օրերուն նահատակուած Յունաստանի եւ Կիպրոսի յոյն զինուորներու յիշատակին: Տեղի ունեցաւ դափնեպսակի զետեղում եւ յունարէն խօսքի արտասանութիւն:

Վարդգէս Մահտեսեանի
Պարգեւատրում

Նոյն օրը, երեկոյեան, ի պատիւ համագումարի մասնակիցներուն կազմակերպուած ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ճաշկերոյթին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը անակնկալ մը հրամցուց ներկաներուն, երբ միութեան «Արտակարգ» շքանշանով պագեւատրեց Կիպրոսի պետական համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը` ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն իր մնայուն եւ սերտ աջակցութեան համար:

Ազգային Առաջնորդարան
Եւ Եղեռնի Նահատակաց
Յուշարձան Այցելութիւն

Կիրակի, 30 ապրիլի կէսօրին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող քառանդամ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած ատենապետ Վաչէ Նաճարեանէ, անդամներ Վիգէն Աւագեանէ, Թալին Օրտողլեանէ եւ Օշին Փիրումեանէ, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի հետ: Տեղի ունեցաւ երախտիքի եւ գնահատանքի յուշանուէրի յանձնում:

Ապա, Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութիւնը եւ համագումարին մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձան, ուր ՀՄԸՄ-ի անունով զետեղեցին ծաղկեպսակ մը: Համագումարի մասնակիցներուն կողմէ արտասանուեցաւ ոգեկոչական խօսք:

Comments are closed.