ՀՄԸՄ Թորոնթոյի շեփորախումբը Մարքամի մէջ
- (0)

Գանատայի համադաշնութեան 150 ամեակին առիթով, Մարքամի Քաղաքապետութիւնը ձեռնարկած էր ամիսներու վրայ երկարող բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու որոնց շարքին տողանցք մը՝ մասնակցութեամբ տարբեր գաղութներու կազմակերպութիւններու, տեղացի մարզիկներու եւ Մարքամի ականաւոր դէմքերու:
Տողանցքը տեղի ունեցաւ 10 սեպտեմբերին որուն իր հանդիսաւոր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի Շեփորախումբը:
Շեփորախումբը արժանացաւ բոլոր ներկաներուն եւ կազմակեպութիւններու ներկայացուցիչներուն բարձր գնահատանքին: Մարքամի Քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթթի անձամբ տեսակցեցաւ շեփորախումբի անդամներուն հետ: Ան դրուատիքով եւ երախտագիտական զգացումներով անդրադարձաւ Թորոնթոհայ Գաղութի աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ Մարքամի տարբեր ձեռնարկներուն անոր շարունակական մասնակցութեան համար: Սքարփիթթի յայտնեց իր հպարտութիւնը եւ ուրախութիւնը ի տես պատանեկան շեփորախումբի գերազանց կատարումին եւ կարգապահութեան:
Նոր բարձունքներու նուաճում կը մաղթենք ՀՄԸՄ Թորոնթոյի Շեփորախումբին:
Խաժակ