ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է լեռնային մարտական դիրքեր
1578
0
Ապրիլի 22-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանը այցելած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր:
Պաշտպանութեան նախարարը զրուցած է դիրքապահներու հետ, հաւաստիացնելով, որ զինուորներու կենցաղային պայմաններու շարունակական բարելաւման խնդիրները երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեանմշտական ուշադրութեան առարկայ են:
Նախարար Տոնոյեանը խրախուսած է բարձր լեռնային բարդ պայմաններու մէջ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողներուն և շնորհակալութիւն յայտնած գերազանց ծառայութեան համար: