Հիւսիսային Ամերիկայի թեմակալ առաջնորդները երկօրեայ հանդիպում ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ

Horizon Weekly Newspaper

Երեքշաբթի 25 եւ Չորեքշաբթի 26 Մարտ 2025-ին, հերթական հանդիպումներու շրջածիրէն ներս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեանն ու Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանը եւ միասնաբար ունեցան երկօրեայ աշխատանքային նիստեր: Հանդիպման առիթով Թեմակալ Երկու Առաջնորդները ի սրտէ շնորհաւորեցին Գեղամ Արքեպիսկոպոսի Արեւմտեան Թեմին Առաջնորդ ընտրութիւնը:

Մնայուն օրակարգերու եւ ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, Հոգեւոր Առաջնորդները յատուկ կերպով անդրադարձան նաեւ նոր հարցերու, ինչպէս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի Կաթողիկոս ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին նուիրուած փառաշուք հանդիսութեանց կազմակերպումը Հիւսիսային Ամերիկայի համայնքներէն ներս, Նորին Սրբութեան Արեւմտեան Թեմ հովուապետական այցելութիւնն ու արժանաւոր ընդունելութեան կապուած աշխատանքային ծրագիրներու համադրումը, Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2025-ը աւանդութեանց վերակենսաւորման տարի հռչակումն ու հռչակագիրին մէջ ընդգրկուած կէտերու իրականացման ձեւերը, այլեւ հայ համայնքները յուզող ընկերաբարոյական զանազան մտահոգութիւններ, եւ այլն:

Չորեքշաբթի առաւօտեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի արեւագալի արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ երեք Թեմակալ Առաջնորդներու: Հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Բաբգէն Արք. Չարեան:

Կէսօրին, Գեղամ Արքեպիսկոպոսի տնօրինումով, Միջինքի Սիրոյ սեղանին մասնակից դարձան նաեւ լոսանճելըսաբնակ Հոգեւոր հայրերը: Յետ աղօթասացութեան, Հոգեւոր հայրերը նաեւ միասնաբար համտեսեցին պահոց աւանդական ուտեստները, ապա ծաւալեցին դաստիարակիչ եւ ուսուցողական զրոյց՝ լուսաբանելով եկեղեցական եւ ծիսականական հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ ամէնօրեայ վարժարաններու աշակերտութեանց համար ժամանակակից եւ արդի մօտեցումով կրօնի դասագիրքեր պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը, արձանագրուեցան համապատասխան առաջարկներ: