Հզօր Բանակը երաշխիք գոյերթի շարունակման

Horizon Weekly Newspaper

Գրիգոր Տունկեան

26 Յունուար 2025-ին, Կիրակի երեկոյեան ժամը 7:00-ին ՀՅԴ ԳՊՄ Մոնթրէալի եւ Լաւալի «Ռաֆֆի-Վիգէն Զաքարեան» եւ «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղերու կազմակերպած «Բանակի օր» իւրայատուկ տօնախմբական երեկոյին, խնամքով պատրաստուած յայտագրով հայրենիքէն դուրս ապրող պատանիներ իրենց էութեան մէջ ապրող հայրենիքը ներկայացուցին յարգոյ հանրութեան՝ խօսքով, երգով, պարով եւ շուրջ հինգ տասնեակ պատանիներու բեմին վրայ, հանրութեան առաջ դաշնակցական պատանիի խոստումը տալով։

Դաշնակցական պատանիի խոստումը՝

«Կը խոստանամ ըլլալ ազնիւ նկարագրով, արի ու կարգապահ դաշնակցական պատանի։

Պիտի սիրեմ ընկերներս անձիս պէս։

Պիտի յարգեմ հայրենիքիս պետական խորհրդանիշները՝ Զինանշանը, Դրօշն ու Օրհներգը, Հայրենիքիս ծառայող բոլոր հայորդիները եւ նահատակները։
Ուստի կը խոստանամ, որպէս դաշնակցական պատանի, ծառայել ազգիս եւ հայրենիքիս»։

Դաշնակցական պատանիի խոստումին պարզ ու խորունկ բառերուն ետին ամբողջ աշխարհ մը եւ արժէքային համակարգ մը կայ, որոնց հաղորդակից դարձան ներկաները։

Մեր պատանիները թերեւս իրենց գիտակցական կեանքի առաջին խոստումը տուին, որպէս կամաւոր զինուոր, Հակական Բանակի կազմութեան 32-րդ տարենշման առիթին։

Տասնեակ մը պատանիներու կողմէ հայ զինուորին ուղղած իրենց նամակներու ընթերցումով աշխարհագրական հեռաւորութիւնները չքացան, եւ զինուորն ու պատանին միացան։ Պատանիները մեծարեցին հայ զինուորն ու ազգի գոյերթի շարունակման հիմնասիւն բանակը։ Նամակներուն մէջ կ’արտացոլար դաշնակցական պատանիին ջամբուած դաստիարակութեան հետեւանք՝ ջինջ հայրենասիրութիւնը, հաւատքով ու կամքով առլցուն յանձնառութիւնը, պայծառատեսութիւնը, յաղթանակի կամքը։

Յետագայ տողերուն մէջ կ’արտագրեմ նամակ մը ամբողջութեամբ, փոխանցած ըլլալու համար լեզուամտածողութեան եւ ներաշխարհի հարազատութիւնը, որ վստահաբար պատանիինը չէ միայն, այլ նաեւ ծնողքինը, ընտանիք-միութիւն համահունչ գործակցութեան եւ ընտանեկան մթնոլորտի ցուցանիշը միաժամանակ։

Նամակ հայ զինուորին.

«Հայոց բանակի քա՛ջ զինուոր,

Ուր որ ըլլաս, սահմանին կամ խրամատներուն մէջ կանգնած, մարտի դաշտին կամ վաշտի մէջ ծառայած, կամաւոր թէ զօրակոչուած… Աղօթքներս քեզի պիտի հասնին անպայման։

Աստուած միշտ քեզ պահապան՝ հայրենիքիս հզօր պաշտպան:

Պատմութիւնը ապերախտ է, որովհետեւ հոն կը յիշուին թագաւորն ու գլխաւորը, նախագահն ու սպարապետը, մինչդեռ այս բոլորին առանցքը դուն ես։ Առանց քեզի ի՞նչ կ’արժեն։ Ազգիս հիմքն ես ու յենարանը։

Դժոխային էին անցած օրերը, ահաւոր էին կորուստները. ես ալ ձեզի հետ տառապեցայ, ուզեցի ձեր քով ըլլալ, ձեզի հետ գրոհել թշնամին վրայ։ Ցաւս ու զայրոյթս անսահման՝ զիս հասցուցին այն եզրակացութեան, թէ ապագային անպայման պատանեկութեան ընկերներովս եւ երկու եղբայրներովս, ձեզի պէտք է միանանք, հաւանաբար աւելի կը հզօրանանք եւ այս անգամ յաղթական տուն կը վերադառնանք։

Ձեր շարքերը՝ սիրտս կը լեցնեն սրբազան հպարտութեամբ, ձեր անսասան կամքը թիկունքս կ’ամրացնէ ու միայն ձեր սխրանքերը լսելով է, որ շունչս լայն կը քաշեմ։

Հազար ապրիս անյաղթ զինուոր

Հայոց Բանակ՝ տօնդ շնորհաւոր»։

ԳՊ միութեան կազմակերպած այս տօնախմբական հանդիսութիւնը, մտայղացումէն իրագործում եւ հանդիսականներու պատկառելի ներկայութիւն, հակառակ ցուրտ կլիմային, գաղութիս հայ հաւաքականութեան ջերմութեան եւ մեր միութենական արդիւնաւէտ գործունէութեան դրական ցուցանիշը կը հանդիսանայ, իսկ հայրենիքի ու ազգի սիրով տոչորուած խանդավառ պարմանուհիներն ու պատանիները գաղութիս ազգային ապագային համար յուսադրիչ տուեալներ կ’արտացոլեն։

Ապրի՛ս Պատանեկան, յո՛յսն ես մեր վաղուան։

 

Comments are closed.