Հարցազրոյց Լաւալի քաղաքապետութեան ընտրութիւններու թեկնածու Արամ Էլակէօզի հետ

Լաւալի քաղաքապետ Տեմէրս եւ Արամ Էլակօզ

«Հիմա, որ մօտաւորապէս 20 օր մնացած է ընտրութիւններուն, պէտք է բազմապատկենք մեր աշխատանքները եւ այս պարագային յաւելեալ կամաւորներու խիստ կարիքը ունինք՝ մեր ընտրապայքարը շարունակելու համար». հարցազրոյց Լաւալի քաղաքապետութեան թեկնածու Արամ Էլակէօզի հետ

Հ.- Քաղաքապետութեան ընտրութիւնները մօտեցան, եւ դուք, որպէս Լաւալի Renaud շրջանի ներկայացուցիչ, ձեր թեկնածութիւնը առաջադրած էք: Այս առթիւ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ մը ուղղած էր լաւալաբնակ մեր հայրենակիցներուն՝ կամաւորական աշխատանքով աջակցելու ձեր ընտրապայքարին. կրնա՞ք փոխանցել մեզի, թէ կամաւորները ինչպիսի՛ աշխատանք պիտի տանին այս առնչութեամբ:

Ա.Է.- Կամաւորները կրնան նպաստել ընտրապայքարիս մի քանի ձեւով. առաջինը հեռաձայնային կապերով պիտի ընթանայ: Մեր հաւաքավայրը 1636 Boulvard de l’Avenir-ն է, ուր կամաւորներ կը հաւաքուին ամէն օր ժամը 5:30-8:30, իսկ շաբաթավերջին՝ երբ որ կրնան: Անոնք մեր ընտրատարածքի բնակիչներուն հետ, որոնք քուէարկելու իրաւասութիւն ունին, հեռաձայնային կապեր կը հաստատեն, որպէսզի փորձենք տրամադրութիւնները շօշափել, թէ որո՛նք մեզի ի նպաստ պիտի քուէարկեն, որո՛նք ընդդիմադիր են, կամ որո՛նք չէզոք, այս միջոցին նաեւ կը փորձենք քաջալերել զիրենք ի նպաստ մեզի քուէարկելու: Այսպիսով կանխատեսում մը կ’ունենանք մեր կողմնակիցներուն եւ հակառակորդներուն թիւին մասին: Երկրորդը պիտի ըլլայ տուն առ տուն թռուցիկներ բաժնելու աշխատանքը: Կայ նաեւ «Դուռէ դուռ» յայտագիրը, որ իմ ընտրաշրջանիս մէջ տուն-տուն դառնալ եւ մեր եւ ընտրութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելն է, այս մէկը, որպէս թեկնածու, ես անձամբ կ’ընեմ:

Հ.- Ընտրապայքարին դուք կը ներկայացնէք Mouvement Lavallois կուսակցութիւնը: Ինչո՞ւ յատկապէս այս կուսակցութեան հետ կը գործակցիք:

Ա.Է.- Mouvement Lavallois-ն վերջին 4 տարիներուն աշխոյժ գործունէութիւն ունէր տարածաշրջանին մէջ եւ բաւական բարեփոխումներ կատարած է ժողովուրդին սատարելու նպատակաւ, միեւնոյն ժամանակ այս կուսակցութիւնը մեծապէս նաստած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մանաւանդ Լաւալի յուշարձանի տեղադրման: Այս տուեալները կը քաջալերեն զիս, որ իրենց հետ գործակցիմ: Նշեմ, որ կուսակցութեան նախագահ Marc Demers-ը նոյնինքն ներկայի քաղաքապետն է, որ նաեւ իր թեկնածութիւնը դրած է քաղաքապետի ընտրութեան:

Հ.- Ի՞նչ ձեւով պիտի ընթանան ընտրութիւնները:

Ա.Է.- Նոյեմբեր 5-ին պիտի կայանան ընտրութիւնները, նաեւ կարելիութիւնը կայ մէկ շաբաթ առաջ՝ 29 Հոկտեմբերին քուէարկելու (որուն BVA՝ Bulletin de vote par anticipation անունը կը տրուի), այս ձեւը կը նպաստէ նաեւ մեզի՝ գիտնալու քուէարկութեան ընթացքը եւ ըստ այնմ մէկ շաբթուան ընթացքին բազմապատկելու մեր ընտրապայքարի աշխատանքները: Քուէարկութեան ներկայացող իւրաքանչիւր քաղաքացի երկու տեսակ քուէ պէտք է տայ. մէկը՝ քաղաքապետի թեկնածուին, միւսը՝ անոր շրջանի ներկայացուցիչին: Այս պարագային ես կը քաջալերեմ, որ Mouvement Lavaloise-ի նախագահ Marc Demers-ին ի նպաստ քուէարկեն մեր հայրենակիցները, իսկ շրջանի ներկայացուցիչի միակ հայ թեկնածուն ես եմ:

Հ.- Այս առթիւ ի՞նչ ըսելիք ունիք մեր ընթերցողներուն:

Ա.Է.- Նախ կ’ուզեմ խորին շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն կամաւորներուն, որոնք առ այսօր կ’աջակցին ինծի իրենց կամաւոր աշխատանքով, սակայն հիմա, որ մօտաւորապէս 20 օր մնացած է ընտրութիւններուն, պէտք է բազմապատկենք մեր աշխատանքները եւ այս պարագային յաւելեալ կամաւորներու խիստ կարիքը ունինք: Նաեւ կոչ կ’ուղղեմ, որ մեր հայրենակիցները անպայման քուէարկութեան օրը ներկայանան քուէի կեդրոնները եւ իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարեն՝ ընտրելով իրենց ցանկացած թեկնածուն:

Նշենք, որ անոնք որոնք կը փափաքին կամաւորական աշխատանքով աջակցիլ Արամ Էլակէօզի ընտրապայքարին, կրնան հեռաձայնել հետեւեալ թիւին. 514 963 7464:

Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան

«Հորիզոն»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.