Հարիւր անգամ…
- (0)

Յովակիմ Ս. Քէշիշեան
Քեզի հարիւր անգամ զգուշացուցի… Ըսածներս հարիւր անգամ կրկնեցի… Հարիւր… Շարքը երկար է… Երեք թուանշանով թիւ մըն է «Հարիւր»-ը, սակայն հարցը կը վերաբերի «Հայկական Կրթօճախ»-ներու հիմնադրութեան հարիւրամեակին։ Խօսքս Հալէպի «Ուսումնասիրաց Վարժարան»-ին ու «Կրթասիրաց Վարժարան»-ին մասին է։
Շրջանին մէջ տիրող կացութեանց պատճառով, չիմացանք եթէ նշեալ վարժարաններուն հիմնադրութեանց հարիւրամեակին առիթով հանդիսութիւններ կազմակերպուեցան թէ ոչ, կամ եթէ «Կրթասիրաց»-ի հին կամ նոր շրջանաւարտներէն մէկն ու մէկը յիշեց (յուշեց) թէ ոչ…։
Ի դէպ, այս առնչութեամբ կ’արժէ մէջբերել արաբական հետեւեալ առածը, զոր սորված էինք արաբերէն շարադրութեան մէջ. «Դպրոց մը բացողը բանտ մը գոցած կ’ըլլայ»։
Կրթասիրաց վարժարանը ունէր երկու բաժին. աղջկանց բաժին ու տղոց բաժին։ Առաջինը՝ «Զոքաք Արպաաին» թաղին մէջ, իսկ երկրորդը՝ հարիւր մեթր անդին «Վեքիլիէ» թաղին մէջ, «մուխթար»-ին տան դիմաց։
Երբ «մէկ դար» ըսենք, անմիջապէս պիտի հասկնանք հարիւր տարիներու վրայ երկարող ժամանակահատուած մը։ Այսինքն՝ «Այնթապու Կրթասիրաց Վարժարան»-ին պարագային, թուաբանական հաշիւներով «հարիւր տարի»-ն կը նշանակէ «Ինն հարիւր» դպրոցական ամիս. «երեք հազար վեց հարիւր ուսումնական շաբաթ», «քսանմէկ հազար վեց հարիւր ուսումնական օր» կամ «հարիւր քառասունմէկ հազար երկու հարիւր ուսումնական պահ», ու առանց հաշուելու կիսաւարտ ուսանողներուն թուաքանակը, տարեկան միջին հաշուով քսանհինգ շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ հաշուելով կը ստանանք առնուազն «երկու հազար հինգ հարիւր ուսեալ եւ կրթուած երկսեռ շրջանաւարտներ»-ու պատկառելի փաղանգ մը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ՝ այնթապցի։
Վստահաբար իւրաքանչիւր վարժարան կամ միութիւն ունի իր նշանաբանը։ Կրթասիրաց վարժարանին նշանաբանը զետեղուած էր մուգ կապոյտ թաւշեայ պաստառի մը վրայ, տեղադրուած՝ ուսուցչարանին պատին վրայ. Ծաղիկներ, մանուկներ եւ նախադասութիւն մը՝ «Մանուկ մը կրթել ազգ մը կրթել է»։
Օրին, չէի հասկցած այդ խորիմաստ նշանաբանին իմաստը, որովհետեւ չէի կրնար պատկերացնել մանուկին ու ազգին Կապը։ Սակայն տարիներ ետք, երբ ծանօթացայ արաբական բանաստեղծութեան իշխան Ահմատ Շաուքիի մայրերու մասին գրած բանաստեղծութեան, ուր կ’ըսէր թէ «Մայրը դպրոց մըն է. եթէ զինք պատրաստես, պատրաստած կ’ըլլաս բարի սովորութիւններով զինուած ազգ մը», հասկցայ վարժարանիս հիմնադիրներուն կողմէ դրուած նշանաբանին իմաստը։
1950-1960 թուականներուն տղոց բաժնին մէջ պաշտօնավարած ուսուցչական կազմէն կը յիշեմ պարթեւահասակ ու պատկառելի տնօրէնը՝ պրն. Գրիգոր Պօղարեանը, իր յաջորդը՝ տնօրէն պրն. Արմէն Տէր Պետրոսեանը, գանձապահ ու երգի ուսուցիչ պրն. Պետրոս Տէր Պետրոսեանը (Պետրոս Խոճա), որ բոլորին սորվեցուցած է Այնթապի քայլերգը՝ (Հեռու կեցէք, դո՛ւք վախկոտներ), թուաբանութեան ուսուցիչ պրն. Յովակիմ Պագգալեանը (Յովակիմ Խոճա) իր արդուկուած կարմիր ֆէսով, թուաբանութեան եւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ պրն. Մարտիրոս Մարտիրոսեանը, պրն. Մկրտիչը՝ իր հեծանիւով, զոր կը կապէր տեսչարանին կից պզտիկ ածխանոցին մէջ, քեսապցի պրն. Նուպարը, պրն. Նուպար Յակոբեանը, որ Եմէնի մէջ գործող ՄԱԿ-ի Գրասենեակին տնօրէնութեան հրաւիրուեցաւ, Կրթական Նախարարութեան կողմէ առաքուած արաբերէն լեզուի ուսուցիչ Ուսթազ Պեքրին, Ուսթազ Կապի Ալթունճին, անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի օրդ. Ալիս Գույումճեանը, որ հետագային ուսուցչական պաշտօնի կոչուեցաւ Հալէպի Համալսարանի Երկրաչափութեան ճիւղին մէջ, մարզանքի ուսուցիչ, սկաուտապետ պրն. Լեւոն Աբգարեանը, ամառ թէ ձմեռ՝ կարճ տափատով ու կէս-թեւ շապիկով։
Ի դէպ, յիշեմ թէ ուսուցչական կազմը քաջ գիտակից էր իր առաքելութեան, զինուած երեք «զէնք»-երով. տնօրէնութեան վստահութեամբ, ծնողներուն «միսը քեզի, ոսկորը ինծի» արտայայտութեամբ տրուած վստահութեամբ ու «կախարդական գաւազան»-ով, «ով ոչ լուիցէ բանիւ, լուիցէ գանիւ» (ան որ խօսքով չի հասկնար, կը հասկնայ գաւազանով)։ Արդար ըլլալու համար պէտք է խոստովանիլ, որ ուսուցիչները ծեծի կը դիմէին բացառաբար ծանր
պարագաներուն եւ ոչ թէ «ծեծած ըլլալու սիրոյն»։
Իսկ աղջկանց բաժինին մէջ պաշտօնավարած ուսուցչական կազմէն կարելի է յիշեալ աւագ ուսուցչուհի օրիորդ Սիրանոյշ Էլէյճեանը, որ ամէն Երկուշաբթի առաւօտ «լիվան»-ին անկիւնը ծուարած Այնթապէն բերուած ժամացոյցը կը լարէր, կրօնի ուսուցչուհի օրիորդ Վարդուհի Իսկենտէրեանը, թուաբանութեան ուսուցչուհի օրիորդ Հելէնը, երգի ուսուցչուհի օրիորդ Արաքսի Գալեմքէրեանը, ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհի օրիորդ Շուշանը, արաբերէն լեզուի ուսուցչուհի օրիորդ Տալալ Խապպազը եւ օրիորդ Լորեթ Հալլաքը։
Քանի որ խօսքը աղջկանց բաժինին մասին է, պարտաւոր ենք յիշել մանաւանդ Այնթապու Կրթասիրաց մանկապարտէզի երախտաշատ ուսուցչուհիները՝ յանձինս մանկապարտիզպանուհի տիկին Աղաւնի Ֆըստըքճեանին, տիկին Մարիամին, օրիորդ Զարմանին, օրիորդ Աշխէնին, օրիորդ Սիրարփիին, արաբերէնի ուսուցչուհի «Էնիսէթի Եոլանտ»-ին, որոնք այնքան գուրգուրանքով ուսումնատենչութեան հիմը կը դնէին մատղաշ սերունդին միտք ու հոգիներուն մէջ։
Հալէպի ցուրտ ամիսներուն, դասարաններուն ջեռուցումը մինչեւ 1956 թուական կը կատարուէր փայտածուխի կրակարաններու միջոցաւ։ Իւրաքանչիւր դասարանի դասարանապետը պարտաւոր էր ժամը եօթին ապահովել կրակարանի ածուխներուն բոցավառումը՝ ուսանողներուն հասնելէն առաջ։ 1956-ին զետեղուեցան մազութով վառարաններ։ Անոնց վառելու աշխատանքը նոյնպէս դրուած էր դասարանապետներու ուսերուն, ամէն շաբաթ՝ փոխն ի փոխ։
Վարժարանիս ուսանողութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զանազան դասակարգի այնթապցի ծնողներու զաւակներ էին, որոնք նոյնիսկ հեռաւոր Մէյտանէն, Զէյթուն Խանէն, Պոսթան Փաշայէն առտու-իրիկուն անձրեւ-բուք-մառնամանիքին քալելով կու գային ու կը վերադառնային, առանց դժգոհութեան կամ օֆ-բուֆի։ Կային նաեւ դպրոցի թաղին մէջ բնակող ոչ-այնթապցի աշակերտներ, որոնք այնթապցի աշակերտներուն համար «ղարիպ» էին։
Դպրոցական օթոքարը սկսաւ գործել 1953-էն սկսեալ։ Վարժարանը ունեցաւ իր երկրորդ օթոքարը 1958-ին, սակայն անոնք որոշ չափով ունեւոր ծնողներու զաւակներու երթուդարձին կը ծառայէին։
Կրթասիրաց վարժարաններուն օրը կը սկսէր ժամը եօթուկէսին. «Առաւօտ Լուսոյ» աղօթքով, Մեծ Պահքի շրջանին՝ «Լոյս Արարիչ Լուսոյ» կամ «Յարեւելից» աղօթքով, որուն սկսելու մենաշնորհը Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ դպրութիւն ընող աշակերտին էր։ Ապա կ’երգուէր սուրիական քայլերգը՝ «Հումաթ ատ-Տիար»-ը եւ հուսկ վարժարանին քայլերգը։ Դժբախտաբար մոռցած եմ վարժարանիս քայլերգին բառերը, սակայն կը յիշեմ միայն վերջին երկու տողերը. «Օն, մաղթենք երկինք, կեանք, ջանք անվախճան՝ համայն պաշտպանաց մե՛ր Կրթասիրաց, մե՛ր Կրթասիրաց»։
Կրթասիրաց վարժարանին առաքելութիւնը չէր վերջանար շաբթուան վեց օրերուն ընթացքին ուսում ջամբելով, այլ կը կազմակերպուէին մարզական խաղեր՝ Շաբաթ կէսօրէն ետք։ Իսկ Կիրակի օրերը, առտուընէ մինչեւ կէսօր, աղջկանց բաժինին մէջ կը հաւաքուէին նախկին շրջանաւարտները, գրադարանէն գիրք վարձելու, փինկ-փոնկ, վոլէյ պոլ եւ պասքեթ պոլ խաղալու. ի միջի այլոց, ունէին պասքեթ պոլի մարզուած խումբ մը, զոր կը մարզէր բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած ամմո Տիգրանը (Տիգրան Պետիրեան)։ Կրթասիրացի շրջանաւարտները ունէին նաեւ քառաձայն երկսեռ երգչախումբ, ղեկավարութեամբ հանգուցեալ դպրապետ Ժիրայր Իսկէնեանի։ Այս երգչախումբը յիսունական թուականներուն ելոյթներ ունեցած էր Կրթասիրաց վարժարանի աղջկանց բաժինի բակին մէջ ու ՀԲԸՄ-ի Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի սրահին մէջ։
Վաթսունական թուականներու վերջերուն, գաղափարը ծնաւ նոր եկեղեցիի մը եւ նոր վարժարանի մը կառուցման։ Օրուան քահանայ հայրերուն ու թաղականութեան ջանքերը ուղղուեցան եկեղեցւոյ շինարարութեան, իսկ վարժարանի հոգաբարձութեան եւ երիտասարդաց օժանդակ վարչութեան ջանքերը ուղղուեցան նորակառոյց վարժարանի շինութեան՝ Հողաշերտի մը վրայ, որ գնուած էր Վիլլաներու շրջանին մէջ։
Շնորհիւ բարերարներու նուիրատուութեան ու ժողովրդային մասնակցութեան, կարելի եղաւ կառուցել Ս. Աստուածածին եկեղեցին ու Այնթապու Կրթասիրաց վարժարանը։ Տեղին է յիշել, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրբանկարները սիրայօժար ու անվճար կերպով տրամադրուեցաւ այնթապցի ճարտարապետ Գէորգ Գարաճըրճեանին կողմէն՝ Պէյրութէն։
Հոգաբարձութեան որոշումով (առանց վիրաւորելու բարերար՝ Կարապետ Աղա Յարութիւնեանին ու ընտանիքին համեստութիւնը) մանկապարտէզը կոչուեցաւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզ։ Տարիներ ետք, նախակրթարանը պիտի դառնար Միջնակարգ վարժարան, ապա Երկրորդականի մակարդակով՝ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրորդական վարժարան՝ տիար Գ. Չէմպէրճեանի բարերարութեամբ։
Կրթասիրաց վարժարանի հարիւրամեակին առիթով համեստօրէն կու գամ շնորհակալութիւնս յայտնել այնտեղ անցուցած տասը տարիներու իմ ուսանողութեանս համար ու շնորհաւորել Կրթասիրաց վարժարանը, մաղթելով երկրորդ հարիւրամեակ մը՝ նորանոր վերելքներով ու յաջողութիւններով։
Թող այս գրութիւնս, համեստօրէն, ըլլայ երախտագիտութեան տուրքս՝ Այնթապու Կրթասիրաց վարժարանին, հանգուցեալ հիմնադիրներուն ու այնտեղ պաշտօնավարած (ու պաշտօնավարող) ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հանդէպ։