Հատուցման Մեր Ազգային Պայքարը Անժամանցելի Է
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի, թէ ինչպիսի՞ն էր Հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակը… Ի՞նչ կ՛ընէին մեր պապերը 1915-ի յունուար, փետրուար, մարտ ամիսներուն: Ով ի՞նչ հարցեր կը լուծէր, ով ինչո՞վ կը տագնապէր, ով ի՞նչ կը տօնէր, ով ի՞նչ նախատեսութիւններով կ՛ապրէր եւ կ՛ապրեցնէր իր ընտանիքը եւ ի՞նչ երեւակայութեամբ կը դիեցնէր իր հոգին:
Այո՛, կարեւոր է գիտնալ, թէ ի՞նչ երեւակայութեամբ կ՛ապրէր մեր մեծերու սերունդը, երբ տակաւին չէր բացայայտուած հայասպանութեան ծրագիրը: Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզն է, որ ըսած է տեղ մը, որ` «ի վերջոյ իրականութիւնը պիտի գայ հաստատելու, թէ երեւակայութիւնը… ճիշդ էր»: Ես այս խօսքը առաջին անգամ տեսայ փոքր աղջկանս համակարգիչի պաստառին վրայ եւ այլեւս չկրցայ մոռնալ զայն, քանի որ ան եղաւ իմ մնայուն վէճս Մարքեզին հետ: Ո՞ր իրականութիւնն էր, որ պիտի գար հաստատելու 1915-ի նախօրէի ո՞ր երեւակայութիւնը, հարց կու տայի ես ինծի (եւ Մարքեզի՛ն) Հայ դատի հատուցման պայքարի ամէն մէկ հանգրուանին վրայ: Պարզ է, որ ցեղասպանազերծ աշխարհ մը գոյութիւն ունէր տեղ մը, որուն պերճանքէն զրկուած էինք մենք, եւ որուն մասին կը խօսէր Մարքեզ: Բայց նաեւ կը յիշեցնէի ինքզինքիս, որ այդպիսի աշխարհի մը համար էր, որ ի վերջոյ կը պայքարէինք մենք երկրէ երկիր եւ տասնամեակէ տասնամեակ, եւ թէ մեր քաջարի տղաքն էին ու մեր քաջազուն աղջիկնե՛րը` այդ գաղափարին իսկական եւ անկեղծ զինուորները…
1984-ին Հայկական ՍՍՀ գիտութիւններու ակադեմիայի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ բանասէր Ալբերտ Ս. Շարուրեանի «Դանիէլ Վարուժանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան տարեգրութիւն»-ը, որուն էջերը հարուստ են բանաստեղծի կեանքին բաբախուն մանրամասնութիւններով: Յարգելի բանասէրը գրած է Դանիէլ Վարուժանի կեանքին ամէնէն սրտառուչ վէպը` առանց քայլ մը իսկ շեղելու գիտական մարդու իր պատասխանատու դիրքերէն: Ի դէպ, Շարուրեանի երկը ունեցած է ակադ. Էդուարդ Մ. Ջրբաշեանը որպէս պատասխանատու խմբագիր, եւ գիրքը հրատարակութեան համար երաշխաւորած են գրախօսներ` Մ. Մ. Մելիքեանն ու Ի. Դ. Վարժապետեանը, եւ ի վերջոյ գիրքը լոյս տեսած է Գիտութիւններու ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով: Այս բծախնդիր մաղերէն անցնելէ ետք միայն գիրքը հասած է մեր ձեռքը…
Յարգելի բանասէրը շատ հակիրճ տողերով օրը օրին կը վերականգնէ Վարուժանի ստեղծագործական առօրեան` հիմնուելով անվիճելի փաստերու եւ վկայութեանց վրայ: Եւ այդ չոր ու անսեթեւեթ տողերը այնուամենայնիւ սարսռալի պարզութիւն մը ունին մեզի համար այսօր, երբ կը կարդանք: Գիտենք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի: Գիտենք, թէ անխուսափելի վախճան մը ունին այդ միամիտ պատահարները ապրիլ 24-ի (նոր տոմարով) ձերբակալութեանց նախորդող օրերուն: Գիտենք, թէ Վարուժան իսկապէս չի գիտեր: Արաքսին եւ անչափահաս ձագուկները չեն գիտեր: Գաղափարի եւ գրչի ընկերները չեն գիտեր այն, ինչ որ մենք այս հեռաւորութենէն հիմա գիտենք… եւ որ մեր ողբերգութիւնն է գիտնալ եւ իրենց ողբերգութիւնն է չգիտնալ… Վարուժանի կեանքի պատահարները, ամէն քայլափոխին, կը ղօղանջեն դէպի մեր գիտակցութեան խորերը եւ կ՛արթնցնեն դաժան իրականութիւնը ոճրային կանխամտածութեան, որուն գիտութենէն զրկուած է զոհը: Զոհը զոհ է, քանի որ ան անգիտակցաբար ու պարտադրաբար կ՛ապրի սուտ կեանքը, զոր թուրք պետութիւնը պատրաստած է իրեն համար: Մարդիկ կը դաւեն իր ամէնէն մեծ հարստութեան` իր ազատ երեւակայութեան դէմ: Ամբողջ մարդկութի՛ւն մը կը դաւէ մէկ մարդու այդ սուրբ իրաւունքին դէմ: Եւ հետեւաբար` համայն մարդկութեան կեանքի սկզբունքին դէմ: Հիմա աւելի պարզ է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ կանխամտածումով նիւթուած ոճիր: Կանխամտածումով նիւթուած ցեղասպանութի՛ւն: Հիմա աւելի յստակ է, թէ ինչո՛ւ մեր առջեւ ունինք մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը` Հայոց ցեղասպանութի՛ւնը: Հիմա արդէն ոչ ոք իրաւունք ունի մեզի «ողջախոհութեան» դասեր տալու:
Հատուցման մեր ազգային պայքարը անժամանցելի է: Թուրք պետութիւնն ու թուրք ժողովուրդը պարտաւորուած են Հայաստանի եւ համայն հայութեան հետ հաշուի նստելու եւ անկեղծօրէն մաքրելու իրենց հաւաքական պարտքը Ցեղասպանութեան ոճրի արդար հատուցման բոլոր չափանիշներով եւ առաջին հերթին` հողային մեր իրաւունքներու անվերապահ ճանաչումով:
Երիտթուրքերը թիրախաւորելով, մեղքը այդ քանի մը ոճրագործներու ուսերուն միայն դնելով եւ հատուցման դատը ապակողմնորոշել ջանալով` ոչ ոք սին յոյսեր թող չսնուցանէ, որ կարելի պիտի ըլլայ այս հարցը «մաքուրի հանել»: Հարցը քնացնել: Հարցը աստիճանաբար մեռցնել: Հարցը ծածկել ծաղկափոշիով: Զայն շաքարազօծել էրտողանեան ցաւագար հռետորաբանութեամբ: Կամ Թաներ Աքչամի եւ իր նմաններու աճպարարութիւններով: Այդպէս պիտի չըլլայ: Երիտթուրքերու հաշիւը մենք մաքրած ենք վաղուց: Այդ ծառայութի՛ւնն ալ մենք մատուցած ենք մարդկութեան: Հիմա թուրք պետութեան եւ թուրք ժողովուրդի հաշիւն է, որ դրուած է համաշխարհային հանրութեան սեղանին վրայ: