հանրապետութիւնը չիրականացաւ որպէս համահայկական պետութիւն
Յ. Պալեան
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ մասին մտածել, գրել կամ խօսիլ կը համարուի հերետիկոսութիւն, միամտութիւն, կողմնապաշտութիւն, կամ թշնամութիւն՝ երկրին եւ անոր ղեկավարութեան դէմ: Աւանդական հաւատաքննողներ կան (ինկիվիզիտորներ) քիչ մը ամէն տեղ, մանաւանդ համացանցի անդուռ տարածութեան մէջ կ’աղմկեն:
Միշտ կը մտածեմ, որ ՄԷԿ ըսինք, ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ըսինք, խանդավառուեցանք, կանգ առինք եւ մնացինք կոտորակներ:
Համահայկական ժողովներ գումարեցինք, զանոնք շփոթեցինք հայրենասիրական զբօսաշրջութեան հետ:
Բազմապատկեցինք ամէն բնոյթի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆները, որոնց մասնակցելու համար եկան այն բոլոր տեղերէ, ուր կ’ըսենք որ ՀԱՅ ԿԱՅ:
Պիտի գտնուի՞ մէկը, որ կազմէ այդ ժողովներու ցանկը եւ մասնակցողներու թիւը, խօսի արդիւնքներու մասին:
Զանոնք կամրջող Սփիւռքի նախարարութիւնն ալ ի տէր հանգեաւ, տեղը տուաւ յանձնակատարի մը: Անուանում՝ որուն ճիշդ իմաստը մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Սովետի ժամանակ կ’ըսէին «կոմիսար», որ անգլերէն «commissioner»-ն է, ֆրանսերէն՝ -«commissaire»:
Կը յիշեմ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահի Փարիզի «Էնթերքոնթինանթալ» հիւրանոցի սրահին մէջ ըսած խօսքը, որ «Սփիւռքի մէջ կը նշանակենք մեր ներկայացուցիչները եւ անոնց միջոցաւ կը կառավարենք Սփիւռքը»: Ո՛չ միացում, ո՛չ մասնակցութիւն, ո՛չ համագործակցութիւն, ո՛չ ճանաչում: Անտեսում եւ ստորադասում: Յանձնակատար»ը բաւ է, ինչպէս սովետի «կոմիսար»ը: Ոչ մէկ խօսք հաւասարութեան, համագործակցութեան, լսելու եւ լսուելու, հայրենատիրութեան եւ միասնութեան օրակարգով առաջնորդուող ազգային իրաւունքի եւ պարտքի մասին:
Ի՞նչ ըրինք, ներսը եւ դուրսը, ունենալու եւ ըլլալու համար ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ: Հարցը օրակարգ չեղաւ եւ չէ: Այդ մասին չենք խօսիր:
Սովետի օրերուն յայտարարուեցաւ որ Հայաստանի ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԷ: Հասկնալի էր: Պատմութիւնը ծանօթ է: Բանավէճի ժամանակը անցած է:
Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտնուեցաւ երբ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ: Երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս պայքարողներու «գործ»ին արդիւնք չէ ներկայի անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը, այլ մեզմէ դուրս տեղի ունեցած քաղաքական մեծ իրադարձութեան մը: Որպէս ազգային վարչական շրջաններ գործող «խորհրդային հանրապետութիւն»ները դադրեցան համամիութենական կառոյցի մաս ըլլալէ, անկախութիւն յայտարարեցին, եւ դարձան ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Այդպէս տնօրինեցին ժամանակը եւ իրադրութիւնը:
Չունեցանք պատմական պահը դիմագրաւելու ազգային-քաղաքական հեռանկարային իմաստութիւն եւ համազգային միացման իրաւ օրակարգ: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, ինչպէս միւս խորհրդային հանրապետութիւններու ժողովուրդները, Խորհրդային Հայաստանի բնակչութիւնը հանրաքուէով որոշեց անկախ պետութիւն ըլլալ: Հայրենահանուած հայութիւնը մնաց զգացական հայրենասէր, դիտեց ուրախացաւ, ծափահարեց, բարեսիրութիւն խաղցաւ, բայց չհրաւիրուեցաւ պատմական որոշման մէջ կարծիք եւ դեր ունենալու, եւ այդ դարձաւ սովորութիւն, որ իր արտայայտութիւնը գտաւ Հանրապետութեան առաջին նախագահի խօսքով, որ Հայաստանի հարցերը կ’որոշուին Հրազդանի ափին, եւ վերջ: Սփիւռքի միլիոնաւոր հայերը մնացին հանդիսատես: Այդ դարձաւ եւ կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական հասկացութիւն, դոկտրին: Հայրենահանման հետեւանք բազմանուն եւ աշխարհատարած Սփիւռք(ներ)ը դատապարտուեցաւ մնալու հայրենասէրներու ակումբ, ինչպէս միշտ, չեղաւ ազգային-քաղաքական ներկայութիւն եւ ազդակ, որոշումներէ եւ ընտրանքներէ հեռացուած: Երբեմն դժգոհեցաւ, այդ պատճառով ալ հին բաժանումներու վրայ պատուաստուեցան նորեր: Սփիւռքը դարձաւ բարերար եւ բարեսէր, ինքզինքին շնորհեց պարտականութիւնը կատարածի գոհունակութիւն:
Ունեցանք Հանրապետութեան Սահմանադրութիւն, որուն մշակման եւ ընդունման մէջ Սփիւռք(ներ)ը դեր եւ կարծիք չունեցաւ, որպէս ազգի հատուած եւ շարունակութիւն, իրաւական ներկայութիւն չեղաւ, անոր տիրոջ եւ ծառայի դեր չսահմանուեցաւ, նոյն «Հրազդանի ափին»ի տրամաբանութեամբ: Արդիւնքը եղաւ այն, որ Հանրապետութիւնը զրկուեցաւ Ազգի Սփիւռք մեծամասնութիւն հատուածի բազմաբնոյթ ներուժէն: Շարունակեցինք ապրիլ ու գործել «դուք հոն մենք հոս»ի վարքով, Սփիւռքը խաղցաւ իրմէ ակնկալուած «Ամերիկայի Հարուստ հօրեղբօր դեր»:
Ամէն անգամ որ ֆրանսական հեռատեսիլէն ելոյթ կ’ունենան Ազգային Ժողովի եւ Ծերակոյտի կարգ մը անդամներ եւ անոնց համար կ’ըսուի, որ կը ներկայացնեն «արտերկրի ֆրանսացիները», կը մտածեմ Ֆրանսայի իր ժողովուրդը միացած տեսնելու քաղաքական իմաստութեան մասին: Մեզի պակսեցաւ որդեգրուած Սահմանադրութեան մէջ այդ սկզբունքը ընդունիլ որպէս ԻՐԱՒՈՒՆՔ:
Անորոշ թիւով միլիոններու հայկական ՍՓԻՒՌՔը իրաւական ներկայութիւն չեղաւ եւ չէ Հանրապետութեան մէջ: Սահմանադրութեան մէջ Սփիւռքի, որպէս ազգի հատուածի պարտքի եւ իրաւունքի մասին ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ:
Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ ոչ մէկ ձեւով ներկայութիւն է միլիոններու Սփիւռքը: Ան ազգի եւ հայրենիքի, ներկայի եւ ապագայի մասին կարծիք յայտնելու Սահմանադրութեամբ նախատեսուած իրաւասութիւն չունի: Այս կացութիւնը չի զարմացներ ո՛չ Հանրապետութեան բնակչութիւնը եւ ո՛չ ալ հայրենասիրական զեղումներու յոգնակի եւ յոգնակիացող Սփիւռքը:
Հայաստանի քաղաքացիութեան օրէնքով Սփիւռքահայերը Հայաստանի քաղաքացի կրնան ըլլալ այնպէս ինչպէս ոեւէ այլ երկրի քաղաքացի: Անոնց անունները կ’արձանագրուին ըստ օտարերկեայ իրենց անցագրերէն համակարգչային տառադարձութեամբ ստացուած ուղղագրութեամբ: Իրենց ծնած օրէն Յակոբ, Աւետիս, Յասմիկ Տիգրան, Աղաւնի կոչուածներ, յանկարծ կը դառնան Հագոպ, Ավետիս, Հասմիկ, Դիկրան… մեզ քիչ մը աւելի խրելով «Կափառնէում»ի (capharnéoum) մէջ:
Այն աշխարհներուն մէջ, ուր դարերով ապրած էին հայերը, ուր ստեղծած էին իշխանութիւններ, թագաւորութիւններ, մշակոյթ, կառուցած էին քաղաքներ եւ տաճարներ, իրենց կեանքով եւ աշխատանքով ստեղծած էին ՀԱՅՐԵՆԻՔ, որմէ մնացած էր, Ռաֆայէլ Իշխանեանի բանաձեւումով, ՀՈՂԱԿՏՈՐ մը, որուն տէր պէտք էր ըլլայինք:
«Այս տէր ըլլայինք»ը երբ համազգային չ’ըլլար երբ անհատական, թաղային, համայնքային կամ շրջանային բնոյթ կ’ունենայ, ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ չ’ըլլար, քանի որ կը պակսի հաւաքականի գիտակցութիւնը եւ ուժը: Բնական է, որ հաւաքականի բացակայութիւնը ուժի ծնունդ չտայ, չի տար:
Եթէ վերանկախացման օրերուն, երբ պատմութիւնը օղակ կը փոխէր, Սահմանադրութեամբ, Սփիւռքի միլիոնաւոր հայերը ներկայացուցչութիւն ունեցած ըլլային, օրէնքով սահմանուած հայրենատիրութիւն ստանձնէին, Հանրապետութիւնը միջազգային բեմի վրայ կրնար ներկայանալ ոչ թէ երկու կամ երեք միլիոն ժողովուրդի անունով, այլ հինգ, տասը, քսան կամ աւելի միլիոններու, ըլլալ՝ Համահայկական: Եթէ այդ հունով կազմակերպուէր եւ ընդունուէր Սփիւռքը, որպէս դուրսը ապրողներ ունենար Ազգային Ժողովին մէջ պատգամաւորները, ինչպէս որ անոնք կան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին եւ Ծերակոյտին մէջ, եւ անոնք մասնակցէին օրէնքներու մշակման, որոշումներու կայացման եւ երկրի կեանքին, միայն հեռուէն դիտող չէին ըլլար:
Եթէ յառաջացուցած ըլլայինք նման կազմակերպութիւն, օրակարգ եղած ըլլային հայրենադարձութիւնը, բոլոր հայերու բանակի ծառայութիւնը, տուրքի ինքնատիպ եղանակ մը որդեգրուած ըլլար, ուսում, մշակոյթ, տնտեսական զարգացում եւ մանաւանդ՝ ԲՆԱԿԵՑՈՒՄ, այլ որակ եւ տարողութիւն կ’ունենային, ՄԷԿՈՒԹԵԱՄԲ կը մտածէինք եւ կը գործէինք:
Խօսած եմ Արցախի տասը հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մասին, ուր չկար ոչ իսկ հարիւր հազար բնակչութիւն, երբ նոյնքան տարածութեամբ Լիբանանը ունէր աւելի քան հինգ միլիոն բնակչութիւն: Արցախը չբնակեցուցինք որպէսզի ան տէր ու պաշտպան ունենար: Միամիտ չեմ խորհելու, որ սփիւռքի տասը, քսան, երեսուն կամ աւելի միլիոնները հրաշքով պիտի վերադառնային, բայց պէտք է գիտնալ որ վերադարձի սկզբունքը եթէ ընդունուէր եւ ըստ այնմ կազմակերպուէինք, միայն բացառութիւններ չէին վերադառնար, չէինք հասնիր հոն ուր որ ենք:
Ապագայի եւ գալիքի նախատեսութեամբ, պէտք է մտահոգուիլ նաեւ Հանրապետութեան տարածքի բնակեցումով: Անտէր եւ անբնակ հողը նոր տէր կը գտնէ : Արտագաղթը մեծ աղէտ է, քանի որ հող-հայրենիքի տարածքը դատարկ կը մնայ: Այս հայրենատիրական իրատեսութիւն է: Բնակչութիւններու համաշխարհային բնոյթ ունեցող տեղափոխութիւնները, migration, պիտի հասնին նաեւ Հայաստան, արդէն կը հասնին: Ունի՞նք տուեալներ Հայաստանի բնակչութեան խտութեան մասին: Երեւանի կեդրոնէն քանի մը քիլոմեթր եթէ հեռանանք եւ շարունակենք մեր ճամբան մինչեւ Գիւմրի, կը հաստատենք, որ չբնակուած տարածութիւններ կան, որ անոնք եւ Երեւանը կը գտնուին տարբեր մոլորակներու վրայ: Կարծէք Հայաստանը միաքաղաք երկիր է, ինչպէս Մոնաքոն:
Պիտի մտածե՞նք եւ կազմակերպուի՞նք, որ Հայաստան տասը, քսան, երեսուն կամ աւելի միլիոն հայերու երկիր-հայրենիք ըլլայ: Այս ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆԻ ԻՐԱՒ ՏԵՍԻԼՔ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԻ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ է, Ճշմարիտ վերակագնումի ուղի:
Ազգային քաղաքականութիւնը կրպակի առեւտուր չէ: Պէտք է մտածել եւ գիտնալ, որ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, քաղաքակրթական հոլովոյթը, եւ այլազան իրադարձութիւններու ճնշման տակ բնակչութիւններու տեղաշարժը, կրնան յառաջացնել արմատական ազգային, քաղաքական մշակութային, ազգագրական փոփոխութիւններ, որոնք կ’ըլլան նորի սկիզբ, ոչ նախկինի շարունակութիւն, ինչպէս ըսած է ԺԹ դարու գրող Վիգէն Խեչումեան:
Հայրենադարձութիւն եւ բնակեցում հայրենատիրութիւն հիմերն են, սովորական շատախօսութիւն եւ կագ ու կռիւ չեն, մազը երկայնքին կտրելու փորձ չեն: Դեռ պէտք է յանդգնութեամբ խօսիլ այն բոլոր բաներու մասին, որոնք մեզ բաժնած են եւ կը շարունակեն բաժնել, առանց քաղաքականութիւն եւ յաջողութիւն համարելու քիթ ու շրթունք սրբագրելու նմանող «կոսմետիկ» ճապկումներն ու կապկումները:
Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:
Պիտի կարողանա՞նք մտածել մասնակիները գերանցել, թաղէն, գաղութէն, այս կամ այն քաղաքէն եւ հանգամանքներէն, յատուկ անուններէն անդին նայիլ, ունենալ ուրոյն նկարագրով ազգի եւ անոր հայրենիքի լինելիութեան օրակարգ, որուն ծառայել, զայն նպատակասլաց կերպով կազմակերպել ներկայի առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլան:
Առանց Հայու Հայաստանը կ’ըլլայ Այլաստան, առանց Հայրենիք-Հայաստանի կը մնան յաւերժի գաղթական դարձած թերեւս լաւ ապրող անհատներ, «նոր հայրենիքներ»ու ինքնամոռաց շոյուած «էթնիք կռուփ»ներ: Եւ Պատմութեան էջը կը մաքրուի, կը գրուի շարունակութիւն չեղող նոր էջ, ուր ժամանակ մըն ալ թերեւս կը խօսուի ծագումով հայերու եւ հայ կոչուած ժողովուրդի մը բնակած տարածքի մասին:
Համահայկական եւ միացում՝ այսօ՛ր: Վաղը ուշ է: Վաղը պիտի խօսին պատմաբանը եւ հնագէտը… կորսուած-անհետացածի մասին:
Հայաստանի երեք եւ Սփիւռքի բազմամիլիոն հայերուն պէտք է խօսիլ իրաւութեամբ, եւ զանոնք կանգնեցնել իրենց պատմական եւ մարդկային պատասխանատուութեան առջեւ: Ազգը այս կամ այն բնոյթի համայնք կամ գաղթականութիւն չէ, ան հազարամեակներու ընթացքին կուտակուած ինքնութիւն է, հայրենիքը սոսկ կրպակ, ալպոմի պատկեր կամ զբօսաշրջութեան հասցէ չէ:
Ինչպէ՞ս ըլլալ եւ մնալ շարունակութիւն՝ հայրենատէր ինքնութեամբ:
Հարցման պատասխանը ազնուական ազգային քաղաքականութեան ալֆան եւ օմեկան է:
Այլապէս կ’ըլլայ նորի սկիզբ, որ մեր ժողովուրդի հոգեբարոյականի եւ ժառանգութեան շարունակութիւն չ’ըլլար:
Comments are closed.