Հանրապետութեան 100-Ամեակի Հաւաք եւ Սուրբ Պատարագ Ուինիփեկի Մէջ
Ուիննիփեկի մէջ, Շաբաթ 3 Յունիսին, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, մասնակցեցաւ տեղւոյն Ս. Վարդան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքի կազմակերպած՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախացման 100-ամեակի հաւաքին, որու բացման խօսքը կատարեց՝ Սարօ Պօղոսեան եւ մեներգեցին՝ Սվէթլանա Ղարակէօզեան եւ Սարմէն Պօղոսեան:
Ապա՝ Հայր Սուրբը խօսեցաւ 600 տարիներ շարունակ պետականութիւն չունեցող Հայ Ժողովուրդին կերտած անկախութեան պատմական անկիւնադարձային նշանակութեան մասին, որպէս հիմնաքար՝ հետագայ երկրորդ՝ Սովետական, եւ երրորդ՝ Արդի Հայաստանի զոյգ Հանրապետութիւններու անկախութեանց: Հայր Սուրբը անդրադարձաւ նաեւ՝ ներկայիս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որպէսզի Հայաստան ծաղկի եւ բարգաւաճի եւ համախմբէ աշխարհացրիւ իր զաւակները, իր մայրենի գրկին մէջ:
Իսկ Կիրակի 4 Յունիսին, Հայր Գեղարդ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն յաջորդեց մկրտութեան արարողութիւն, ապա՝ հաւաքական ճաշկերոյթ, համայնքի զաւակներուն հետ: