Հանդիպում ունեցած են Հայ Ազգային Քոնկրեսի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները

Քաղաքական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ, այսօր հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հայ Ազգային Քոնկրեսի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ, կը հաղորդէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հանրային կապերու գրասենեակը։

Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են Հայաստանի առջեւ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու ուղիներուն շուրջ։

Զրոյցի ընթացքին, մասնաւորաբար քննարկուած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող հակասահմանադրական յարձակումներուն հակազդելու, քաղաքական բանտարկեալներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններու ընթացքին օրինականութեան ապահովման առնչուող հարցեր։