Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի 3 Եւ Արցախի 2 Նախկին Նախագահները
1535
0
Հինգշաբթի, 25 մարտ 2021-ին, հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի միջեւ, յայտնած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մամլոյ բանբեր Արման Մուսինեան:
«Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են յետպատերազմեան շրջանին Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ հետագայ հաւանական զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր», Դիմատետրի իր էջով գրած է Մուսինեան: