Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 115ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
- (0)

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Այս օրերուն, Հոկտեմբեր 15-25ին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) իր հիմնադրութեան 115րդ տարեդարձը մեծ շուքով կը տօնէ Երեւանի մէջ:
Ասկէ 115 տարիներ առաջ, 1910ին, հիմը դրուեցաւ սփիւռքահայ ամենէն ծաւալուն կազմակերպութիւններէն մին՝ ՀՕՄը, որ անցեալին քանի մը անուններով ճանչցուած է: Իր ծննդեան անունը եղած է «ՀՅԴ Կարմիր Խաչ», որուն հիմնադիր ըլլալու պատիւը կը պատկանի 20րդ դարու սկզբնական տարիներուն հանրածանօթ դաշնակցական գործիչ՝ Խաչատուր Մալումեանի, որ ծանօթ է նաեւ Է. Ակնունի անունով: Ակնունի, յատուկ առաքելութեամբ Ամերիկա եկաւ եւ երկար շրջապտոյտէ մը եւ բազմաթիւ հանրային ելոյթներ տալէ ետք, Նիւ Եորք քաղաքի մէջ հիմնադրեց «ՀՅԴ Կարմիր Խաչ»ը: Շուրջ տասնամեակ մը ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ արդէն հիմնուած էր պետական Կարմիր Խաչ մը, կազմակերպութեան Պատգամաւորական Բ․ ժողովը որոշեց կապուիլ Հայաստանի Կարմիր Խաչին եւ կոչուիլ «Դստերք Հայաստանի»: Ապա, շրջան մը ան կոչուեցաւ «Հայ Կարմիր Խաչ»: Իսկ 1946ին «Հայ Կարմիր Խաչ» անունը փոխուեցաւ եւ այնուհետեւ այս կազմակերպութիւնը կոչուեցաւ «Հայ Օգնութեան Միութիւն»։ Ներկայիս, ՀՕՄը ունի հարիւրաւոր մեծ եւ փոքր մասնաճիւղեր 23 տարբեր երկիրներու մէջ:
ՀՕՄը մարդասիրական եւ հայանուէր կազմակերպութիւն մըն է, որու գլխաւոր նպատակն է ազգապահպանում կամ հայապահպանում: Նուիրեալ անդամներէ բաղկացած այս միութիւնը իր ամբողջական օժանդակութիւնը բերած է, եւ կը շարունակէ բերել, բազմաթիւ միջոցներով: Անցնող տասնամեակներուն, ան իր օգնութիւնը հասցուցած է հայ որբին եւ այրիին, հիւանդին ու չքաւորին, ուսանողին ու դպրոցին, զինուորին ու տարագիրին: Այս առաջադրութեամբ, Սփիւռքի բոլոր հայաշատ գաղթօճախներու մէջ, ՀՕՄը հիմնեց ընկերային ու առողջապահական կեդրոններ, մանկամսուրներ եւ վարժարաններ, պատսպարաններ, տարեցներու բնակարաններ, հայկական ձեռարուեստի կեդրոններ: Ան մշակեց ազգապահպանման յատուկ ծրագիրներ՝ հայ սերունդներու ազգային դիմագիծը պահպանելու ի խնդիր: Ան սատարեց ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներու հիմնադրութեան, հայ ուսուցիչներ պատրաստելու, ամառնային ճամբարներ հիմնելու, կրթական եւ մշակութային հիմնադրամներ հաստատելու նուիրական աշխատանքին:
Ժամանակներու հետ յարմարող եւ ճնշող կարիքներու գիտակից՝ ՀՕՄի մտասեւեռումը եղած է հայը հայ պահել ֆիզիքապէս, մտովին եւ հոգեպէս: Այսպէս, 1910-1920ին, ան իր նիւթա-բարոյական աշխատանքը յատկացուց հայ որբերուն, գաղթականներուն եւ հիւանդներուն: Հաստատեց դասընթացքներ անգրագէտ հայ կիներու համար, օգնեց Մեծ Սպանդէն մազապուրծ ազատած իր սովամահ հայրենակիցներուն եւ հասաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընկերային պէտքերուն:
1920-1930ին, ՀՕՄը գաղութէ գաղութ կապեր հաստատեց, Եւրոպայի ցամաքամասին եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ նոր մասնաճիւղեր կազմակերպեց եւ հայ գաղթականներուն օգնութեան ձեռք երկարեց, հայ տարագիրներ Պոլսէն եւ Միջագետքէն Հայաստան փոխադրելու համար դրամարշաւ բացաւ, Զանգեզուրի երկրաշարժի աղէտեալներուն համար նիւթական օգնութիւն հասցուց, ամերիկահայ նոր սերունդները հայութեան կապելու համար հիմնեց սան-սանուհիներու եւ արծուիկներու խումբեր՝ հայապահպանման նպատակին համար:
1930էն 1950ի միջեւ տարածուող երկու տասնամեակները ՀՕՄին առջեւ բացին նոր մարտահրաւէրներ, որոնցմէ գլխաւորներն էին. հաւաքել որբ-որբուհիները թուրքերու, քիւրտերու եւ արաբներու տուներէն, պատսպարել եւ հայացնել զանոնք, հիմնել մանկապարտէզներ, դպրոցներ եւ ճեմարաններ, միանգամայն նաեւ խնամել բազմաթիւ հիւանդներ, գործ ճարել, սնունդ եւ բնակարան հայթայթել անգործ չքաւորներուն: Այս առաջադրութիւններով, ՀՕՄը գործի լծուեցաւ իր օգնութիւնը հասցնելու դրամով, հագուստեղէններով, դեղորայքով, գրենական պիտոյքներով հոն ուր կարիք կար: Արհեստանոցներ, դարմանատուներ եւ սնունդի կայաններ բացաւ Յունաստանի ու Սուրիոյ մէջ, ուր Ցեղասպանութենէն վերապրողներ ապաստան գտած էին: Ասոնց կողքին, միութիւնը լծուեցաւ կրթական եւ մշակութային գործի:
ՀՕՄը նաեւ Ամերիկայի հայաշատ քաղաքներուն մէջ միօրեայ դպրոցներ բացաւ ամերիկածին հայ նոր սերունդներուն հայերէն եւ հայոց պատմութիւն սորվեցնելու նպատակով: Բաց աստի, ՀՕՄը նաեւ բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ եղաւ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին, Հալէպի Քարէն Եփփէ եւ եւ Սոֆիայի Մեսրոպեան ճեմարաններուն: Իսկ երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին, դարձեալ լծուեցաւ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած աղէտեալներուն օգնելու գործին: Այդ ժամանակամիջոցին, ՀՕՄը հաստատեց կարգ մը մնայուն ձեռնարկներ, ինչպէս՝ «Հայ Օգնութեան Միութեան Օր»ը, «Պնակ մը Կերակուրի Օր»ը եւ «Ծոմապահութեան Օր»ը, որոնք հասութաբեր միջոցներ եղան միութեան այլեւայլ գործունէութիւններուն համար: Այս շրջանին նաեւ (1939ին) ՀՕՄը սկսաւ հրատարակել իր եռամսեայ օրկան՝ «Հայ Սիրտ»ը, որուն նպատակն է եղած պատրաստել գիտակից հայ մայրեր, զարկ տալ նոր սերունդի դաստիարակութեան, առողջ պահել հայ ընտանիքը եւ մղել հայ կինը հաւաքական աշխատանքի:
ՀՕՄի 1950-1975ի քառորդ դարու շրջանը կը յատկանշուի կրթական-մշակութային մտասեւեռումով: Այս շրջանին ան հիմնեց երեկոյեան դասընթացքներ տարբեր վայրերու մէջ, հաստատեց կրթաթոշակներ, ամառնային ճամբարներ, ամառնային հայագիտական դասընթացքներ, հիմնեց մշակութային հիմնադրամներ՝ օժանդակելու համար կարօտ հայ մտաւորականներու, գրագէտներու, ուսուցիչներու եւ արուեստագէտներու: Նաեւ այս ժամանակաշրջանին ՀՕՄը նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կեցաւ Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ ամէնօրեայ նոր դպրոցներ հիմնելու ծրագիրին: Առ այդ, ան կրցաւ ապահովել կարգ մը բարերարներ, ինչպէս նաեւ, կարգ մը կտակներ՝ յաջողեցնելու համար իր կրթական եւ մշակութային ծրագիրները:
Վերջին քանի մը տասնամեակներուն, ՀՕՄը, որպէս հասուն եւ արմատացած կազմակերպութիւն, դարձած է արդէն համագաղութային կազմակերպութիւն: Ան նոյնիսկ մասնակցած է միջազգային կանանց խորհրդաժողովներու, ինչպէս օրինակ, անոր ներկայացուցիչները իրենց մասնակցութիւնը բերած են ՄԱԿի կազմակերպած խորհրդաժողովներուն՝ Քոփենհակըն, Պէյժինկ, Սէուլ, Հոլանտայի եւ Նիւ Եորք քաղաքներուն մէջ: Փոխադարձաբար եւ ՄԱԿի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ներկայ գտնուած են անոր պաշտօնական հանդիսութիւններուն:
1988ի Հայաստանի երկրաշարժէն, Հայաստանի եւ Արցախի անկախացումէն ետք, ՀՕՄի գործունէութիւնը լայն ասպարէզ գտաւ մեր զոյգ հանրապետութիւններու տարածքին՝ բարեսիրական, դաստիարակչական կարիքներու մարզերէն մինչեւ ընկերային ու հասարակական հարցերու բարւոք լուծումներ գտնելու մարզին մէջ: Յիրաւի, ՀՕՄ հայանուէր գործունէութիւնը հայրենի ոստաններէն ներս, սփիւռքահայ այլ կազմակերպութիւններու կողքին, ուշադրութեան եւ գնահատանքի կ՛արժանանայ համայն հայութեան կողմէ: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն, ՀՕՄը օգնած է, եւ դեռ կը շարունակէ օգնել, հայրենի մեր բոլոր ազգակիցներուն, որոնք պէտք ունին բարոյական եւ նիւթական իր աջակցութեան:
ՀՕՄը աւելի քան դար մը, աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն վրայ գործող՝ իր բազմահազար անդամներով, դրապէս պատասխանած է հայ ժողովուրդի հաւաքական գոյութեան համար իրեն ուղղուած կոչերուն լուրջ յանձնառութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնելով:
Ներկայիս, 115 տարիներ ետք, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, ՀՕՄը իր հարիւրաւոր մասնաճիւղերով եւ հազարաւոր անդամներու բանակով, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, օրհնութիւն սփռելով բազմաթիւ հայորդիներու: