Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կը Հովանաւորէ Զոհուած Հերոսներու Զաւակները
Ի տես Արցախեան երկրորդ պատերազմին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) «Որբախնամ» ծրագիրը վերանուանեց «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» ծրագիր։ Այսօր հարիւրաւոր հայ երեխաներ մնացած են զուրկ հայրական գուրգուրանքէ։ Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի ստանձնեն անչափահաս երեխաներու խնամակալութիւնը։ Տարեկան $330 ամերիկեան տոլարի յատկացումը կրնայ երեխայի մը կեանքը բարեփոխել, որուն հայրը զոհուեցաւ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան։
Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ «Որբախնամ» ծրագիրը հաստատուած էր 1992 թուականին, նպատակ ունենալով Սպիտակի երկրաշարժին (1988) եւ Արցախեան ազատագրական պայքարին հետեւանքով որբացած երեխաներուն հոգատարութիւնը հովանաւորել։ Արդէն մօտ 30 տարիներու ընթացքին 7,400 ծնողազուրկ երեխաներ հովանաւորուած են՝ ի պատիւ աւելի քան 4,900 աշխարհասփիւռ խնամակալներու։ 2012 թուականին նշուեցաւ այս ծրագրին 20-ամեակը, որմէ անմիջապէս ետք ծրագիրը անցաւ իր յաջորդ փուլին։
Ծրագրին սկզբնական օրէն մինչեւ այսօր աւելի քան $5,300,000 ամերիկեան տոլար յատկացուած է այս նպատակով։
Իւրաքանչիւր հովանաւոր պարտի համաձայն գտնուիլ իր նուիրատուութիւնները կատարելու մինչեւ երեխան լրացնէ 18 տարիքը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է դիմել ձեր շրջանի ՀՕՄ-ի Միաւորին կամ ուղղակի այցելել ՀՕՄ-ի կայքէջը՝ www.ars1910.org/ars-sponsorships ։
Արցախեան պատերազմին առաջին իսկ օրէն, ՀՕՄ-ը իր մարդասիրական եւ բարեսիրական ծրագիրներուն ընդմէջէն, զանազան միջոցներով կ՛օժանդակէ տեղահան եղած Արցախահայ ընտանիքներուն, երեխաներուն, զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, վիրաւոր զինուորներուն եւ Երեւանի «Հերացի» հիւանդանոցին վերականգնողական բաժնին։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) միջազգային գետնի վրայ կը տրամադրէ անմիջական օժանդակութիւն, կ՛օժանդակէ կարիքաւոր համայնքներուն, վիրաւոր զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, ուտելիք եւ այլ կենսական իրեր կը տրամադրէ կարօտեալներուն, ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն ցանցին ընդմէջէն կը նպաստէ երեխաներուն կրթութեան, եւ կը ղեկավարէ ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջութեան Կեդրոնն ու Ծննդատունը։ ՀՕՄ-ը ինքնավար, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, որ իր առաքելութիւնը կ՛ամբողջացնէ ի պատիւ իր նուիրեալ կամաւորներուն աշխատանքին եւ հանրութեան կողմէ նուիրատուութիւններուն։ Յաւելեալ տեղեկութեան համար այցելել www.ars1910.org կամ ընկերային ցանցերը, Դիմատետր՝ ARS1910 , Twitter; @ars1910, Instagram; ars_1910 ։