Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն #SOSArtsakh

Սեպտեմբեր 19 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1-ին (տեղական ժամով), Ատրպէյճանը զինուորական գործողութիւններ սկսաւ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ: Արձանագրուած էն հրետանային կրակոցներու դէպքեր Ստեփանակերտի եւ շրջակայ քաղաքներու ու գիւղերու մէջ, թիրախաւորելով քաղաքացիներն ու խաղաղ բնակիչները:

Ինչպէս անաւարտ հրէշային մղձաւանջ մը, որ յամառօրէն կը կրկնուի Արցախի դէմ, իրագործուած այս անմարդկային եւ մահացու շրջափակումին յաջորդեց անհիմն եւ վայրագ յարձակումը, որ խստօրէն պէտք է դատապարտելի ըլլար համայն քաղաքակիրթ մարդկութեան կողմէ:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը դիմէ բոլոր քաղաքակիրթ ազգերու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ անհատներուն, որ մէկ կողմ դնելով քաղաքական շահերն ու միտումները, զօրավիգ կանգնին Համամարդկային Արդարութեան ու Խաղաղութեան անյետաձգելի ու յաճախ անտեսուած անմիջական կարիքներուն, միաժամանակ խնդրելով որ արդար դիրքաւորումով դատապարտեն վայրագ ոտնձգութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն դէմ:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Comments are closed.