Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչը
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ինչպէս գիտէք Փետրուարի 6, 2023-ին ահաւոր երկրաշարժ մը ցնցեց Թուրքիոյ հարաւը և Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը ներառեալ հայաշատ Հալէպ քաղաքը։ Երկրաշարժը տապալեց շէնքեր և ծանրակշիռ աւերներ պատճառեց, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան հազարաւոր վիրաւորներ եւ հարիւրաւոր մահեր: Պատերազմի եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն տակ ապրող սուրիահայը կրկին մատնուեցաւ նոր տեսակի սարսափի, անորոշութեան եւ վտանգի: Այսօր, իր ֆիզիքական գոյութիւնը եւ կենցաղային անհրաժեշտ պէտքերը ապահովելու տագնապի մատնուած սուրիահայը բազմաթիւ նոր ու անմիջական կարիքներու դէմ յանդիման կը գտնուի, ինչպիսին են՝ քանդուած տուներու նորոգում, քանդուած ապակիներու նորոգում, դեղորայքի ապահովում, եւ այլ բազմաթիւ կարիքներ:
Սուրիան հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով վտանգուած սուրիահայ ժողովուրդը ձեր աջակցութեան եւ զօրակցութեան անհրաժեշտ կարիքը ունի: Ուրախ ենք յայտնելու ձեզի, որ արդէն իսկ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը անցած է գործի եւ իր առաջին նիւթական օգնութիւնը ուղարկած է վնասուած շրջանին: Այսուհետեւ, Գանատայի մէջ կատարուած օժանդակութիւնները հանգրուանային կերպով պիտի փոխանցուին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով Սուրիոյ Օգնութեան Խաչին:
Արդ, կը խնդրենք ձեզմէ ձեր նիւթական օժանդակութեամբ աջակցիլ Սուրիոյ այս աղէտի տուժածներուն և համայնքային կարիքներուն: Բոլոր անոնք, որոնք մարդասիրական օժանդակութեամբ իրենց նիւթական նուէրները կը փափաքին կատարել, կրնան իրենց դրամը փոխանցել ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան կամ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան սեղմելով հետեւեալ կապը:
https://ars-canada.ca/donations/
Լիայոյս ենք, որ իւրաքանչիւր ազգային իր մասնակցութիւնը բերելով կը նպաստէ այս հանգանակային արշաւին յաջողութեան:
Հայ Օգնութեան Միութեան
Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
7 Փետրուար, 2023